Մեքսիքայի Հայ Համայնքները Ընդգրկուած Են ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան Թեմի Կազմին

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայոց Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու խնդրանքին ընդառաջ` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական սրբատառ կոնդակով ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմէն առանձնացուած են Մեքսիքայի հայ համայնքները եւ ընդգրկուած ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմի կազմին մէջ` հաշուի առնելով նաեւ Մեքսիքայի ու Քալիֆորնիոյ հայ համայնքներու փոխադարձ սերտ առնչութիւններն ու Մեքսիքայի աշխարհագրական դիրքի նպատակայարմարութիւնը:    Այս  մասին  կը   յայտնեն  Մայր Աթոռի տեղեկատուական
համակարգէն:

Scroll Up