Մարգարիտա Սիմոնեան- Հայ Տիկին Մը, Որ Կը Ղեկավարէ Ռուսական Միջազգային Բոլոր Կայանները

Ռուսական լրատուական ամենամեծ գործակալութիւնները կը ղեկավարէ հայ տիկին մը, ան նշանակուած է RT ռուսական քանի մը լեզուներով ներառեալ, արաբերէն, անգլերէն եւ սպաներէն լեզուներով , արաբական կայանը կը կոչուի «Ռուսիան այսօր» , որ լայն ճանաչում ունի արաբական աշխարհին մէջ:
Տիկ. Սիմոնեան նշանակուած է RT հեռուստաալիքի տնօրէն 2005թ.ին, 2007 թ.ին երբ սկսած է հեռարձակուիլ «Ռուսիան այսօր» արաբերէն լեզուով , ռուսական ղեկավարութիւնը չէ կրցած փոխարինել Տիկ. Սիմոնեանը անկախ անկէ , որ ան արաբերէն լեզուն չի տիրապետեր, եւ իսկապէս այս հայ տիկինը կրցաւ ղեկավարել այս կայանը, որ այսօր կը համարուի արաբերէն լեզուով ամենատարածուած արբանեակային հեռուստաալիքը: 2009 թուականին մեկնարկած է RT սպաներէն կայանը, որ կրկին տնօրէնութիւնը յանձնուած է Տիկ. Սիմոնեանին, այսպիսով երիտասարդ տարիք ունեցող տիկինը կը դառնայ ռուսական ամենամեծ լրատուական գործակալութեան տնօրէնը, որ կը ներկայացնէ Ռուսիան եւ ռուսական քաղաքականութիւնը ինչպէս նաեւ միջազգային անցուդարձերը ռուսական տեսանկիւնէն:
Կ’ըսուի, որ տիկ. Սիմոնեան Քրեմլինի եւ նախագահ Փութինի յատուկ ուշադրութեան արժանացած է, նաեւ նշենք, որ Սիմոնեան սկսած է իր աշխատանքը իբրեւ թղթակից ռուսական հեռուստաընկերութեան մը մէջ, շատ արագ ստանձնած է «Ռուսիան այսօր» հեռուստաալիքի տնօրէնի պաշտօնը: Տիկ. Սիմոնեան նաեւ ուշադրութեան կեդրոնին մէջ է, ան անվերջ կը հիւրընկալուի բազմաթիւ յայտնի ծրագիրներու ինչպէս «Talk Show», նաեւ երկու ծրագիր կը նեկայացնէ «NTV» եւ «Ren TV”, հետեւաբար հարց կը բարձրացուի այս տիկնոջ Անսահման ձգտումներուն մասին : Յօդուածը կ’եզրափակուի, որ հայերը ուր որ ալ ապրին կը գրաւեն ամենազգայուն եւ բարձր պաշտօնները: