Նուիրահաւաքի Շարք Մը Նախաձեռնութիւններ ԳԶՎէն Ներս

Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին, Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգ. վարժարանէն ներս նուիրահաւաքի շարք մը միջոցառումներ տեղի ունեցան, մասնակցութեամբ վարժարանի աշակերտներուն, ծնողներուն եւ անձնակազմին։ Այս մասին կը հաղորդէ asbarez.com-ը:

Գոյացած գումարներն ու հաւաքուած նուէները յատկացուած են սուրիահայութեան նպաստելու համար տարուղ ՀՕՄի ջանքերուն, Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաձեռնութիւններուն, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին ու «Operation Christmas Child» կազմակերպութեան։

0000KZVPhilanthropy1 0000KZVPhilanthropy2-225x300

Scroll Up