Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգ. Վարժարանի «Միջազգային Շաբաթ»ը

Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգ. վարժարանի աշակերտները տարբեր երկիրներու, մշակոյթներու եւ աւանդութեանց ծանօթացնելու նպատակով, Նոյեմբեր 17-21 շաբաթը հռչակուած էր «Միջազգային Շաբաթ», որուն ընթացքին իրագործուած են զանազան միջոցառումներ։ Այս մասին կը հաղորդէ asbarez.com-ը:
Նոյեմբեր 18ին, վարժարան այցելած են արեւելեան մարտարուեստի կեդրոնի մը մարզիչները, իսկ Նոյեմբեր 20ին՝ պրազիլական մարտարուեստի մասին նեկայացում մը կատարուած է։
Նոյեմբեր 21ին տեղի ունեցած է աշակերտական հանդէսը, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր դասարան, պարերով, երգերով, պատմական տեղեկութիւններով ու ճաշատեսակներով ներկայացուցած է երկիր մը։