«Վերանորոգ Հաւատք» Վաւերագրական Ժապաւէնի Առաջին Ցուցադրութիւնը

Հովանաւորութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի եւ կազմակերպութեամբ Հայ աւետարանական մշակութային միութեան, շաբաթ, 6 դեկտեմբեր  2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ «Վերանորոգ հաւատք» վաւերագրական ժապաւէնի առաջին ցուցադրութիւնը` Պէյրութի Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակը»:

Բացման խօսքը հայերէնով եւ անգլերէնով արտասանեց միութեան ատենապետ Լուտեր Արթինեան, որ ողջունելով ներկաները յայտնեց, թէ ժապաւէնը կը հանդիսանայ կարեւոր աշխատանքի մը առաջին հանրային ցուցադրութիւնը, որուն իրականացման ծրագիրը դրուած էր երեքուկէս տարի առաջ Հայ աւետարանական մշակութային յանձնախումբին կողմէ եւ որուն հեղինակն ու գլխաւոր պատասխանատուն է Հրաչ Ա. Թոգաթլեան: Ան շեշտեց այս աշխատանքին կարեւորութիւնը: «Անիկա կարեւորագոյնն է, մանաւանդ լիբանանահայ մշակոյթին եւ պատմութեան արձանագրութեան եւ պահպանման ծիրին մէջ: Կը յուսանք, որ աշխատանքը խթան կը հանդիսանայ հայոց վաւերագրական վերածնունդին` լիբանանահայ տարբեր հաստատութիւններուն կողմէ»:

Ապա հանդիսատեսը մօտէն ծանօթացաւ Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ դարաւոր  պատմութեան, որ հիմնադրուած օրէն կը գտնուի Մեքսիք փողոցին վրայ` Պէյրութի մէջ: Ժապաւէնին ցուցադրութեան ընթացքին ներկայացուեցան արխիւներ եւ բացատրութիւններ` իւրաքանչիւր պատմական ակնարկի յատուկ:

Ցուցադրութեան աւարտին պատուելի Հրայր Չոլաքեան` եկեղեցւոյ հովիւը, շնորհակալութիւն յայտնեց յանձնախումբի անդամներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին այս ժապաւէնը ստեղծելու: Ինչպէս նաեւ յատուկ պարգեւատրումով շնորհակալութիւն յայտնեց  Արմէն Իւրնեշլեանի, Բերլա Խրգալեանին, Շուշան Արթինեան-Թոքաթլեանին եւ Երուանդ Քասունիին` անոնց իւրայատուկ մասնակցութեան համար: Ապա բեմ հրաւիրեց ժապաւէնի հեղինակ, լսատեսողականի մասնագէտ` Հրաչ Թոքաթլեանը` փոխանցելու իր սրտին խօսքը: Ան յատուկ կոչ ուղղեց հայ երիտասարդներուն, որպէսզի մօտէն հետեւին մեր պատմական արխիւներուն եւ մասնակից դառնան հայապահպանման: Հ. Թոքաթլեան միութեան նուիրեց արխիւներու հաւաքածոյ մը:

Յիշենք նաեւ, որ ելքին վաճառուեցան «Վերանորոգ հաւատք» վաւերագրական ժապաւէններ, իսկ առաջին ժապաւէնը յանձնուեցաւ ձեռնարկը հովանաւորող միութեան նախագահին:

Scroll Up