Ծերակոյտի Յանձնախումբը Հաստատած Է Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Նոր Դեսպանին Թեկնածութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը հինգշաբթի հաստատած է Ռիչըրտ Միլզի թեկնածութիւնը Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպանի պաշտօնին: Այս մասին տեղեկացուցած է ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:
Միլզի թեկնածութիւնը վերջնականօրէն պէտք է հաստատուի Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին: Ներկայիս Միլզ Պէյրութի մէջ Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական առաքելութեան տեղակալն է: Նախապէս եղած է Մալթայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործերու հաւատարմատարը, աշխատած է Փարիզի, Տապլինի, Լոնտոնի, Պաղտատի, Իսլամապատի, նաեւ` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հարցերով հիւպատոսական բաժինին մէջ: