Սփիւռքի Նախարարութեան Մասնակցութեամբ Համերգ Եւ Պարգեւատրում Ալմաթիոյ ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/12/0171.jpg)
2014 թ. Դեկտեմբեր 7-ին Ղազախստանի Ալմաթի քաղաքին մէջ կազմակերպուած է յիշատակի երեկոյ, որուն ընթացքին հայկական համայնքը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է անոնց, որոնք Սպիտակի երկրաշարժի արհաւրալից օրերուն մեր ժողովուրդի կողքին էին եւ օգնութեան ձեռք մեկնած են անոր: Այդ առիթով «Ղազախստանի հայերու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Է. Վարդերեսեան միջնորդութիւն կատարած է 1988 թ. Սպիտակի երկրաշարժի օրերուն Հայաստանի մէջ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով Ղազախստանէն ժամանած բժշկական գնացքի նախաձեռնողներուն եւ բուժանձնակազմի աշխոյժ անդամներուն պարգեւատրելու վերաբերեալ: Խնդիրի առնչութեամբ ՍՆ ԱՊՀ հայ
համայնքներու վարչութիւնը խորհրդակցած էր նաեւ Ղազախստանի մէջ ՀՀ դեսպան Ա Սահակեանի հետ:
Դեկտեմբեր 6-ին Ալմաթի մեկնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարարութեան պատուիրակութիւնը` նախարարի տեղակալ Ս. Սրապիոնեանի գլխաւորութեամբ` մասնակցելու 1988 թ. Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած մեծ ողբերգութեան` Սպիտակի երկրաշարժի զոհերու յիշատակի երեկոյին եւ պարգեւներ յանձնելու «Ղազախստան» բժշկական գնացքի աշխատակիցներուն, որոնք մէկ տարի շարունակ բուժօգնութիւն կը ցուցաբերէին տարերային այդ աղէտի զոհ դարձած մարդոց եւ օրհասական պահուն անգնահատելի ծառայութիւն կը մատուցէին եղբայրական հայ ժողովուրդին: Պատուիրակութեան կազմին էին նաեւ ԱՊՀ հայ համայնքներուն հետ կապերու վարչութեան պետ Թ. Ներսիսեան, ԱԺ պատգամաւոր, ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Շ. Պետրոսեան, երգիչ Արսէն Գրիգորեան (Մրօ):
Ողջունելով ներկաները եւ հաղորդելով ՀՀ սփիւռքի նախարար տիկին Յակոբեանի ողջոյնի եւ բարեմաղթանքներու խօսքը` Ս. Սրապիոնեան ըսաւ, որ սարսափելի է պատկերացնելն անգամ, թէ ինչ կը կատարուի մեր փոքրիկ մոլորակին վրայ, եթէ անկէ պակսին մարդասիրութիւնն ու կարեկցանքը, սրտացաւութիւնն ու
անձնուիրութիւնը: Հէնց մարդկային այդ բարձր առաքինութիւնները կ’առաջնորդէին Ղազախստանի իշխանութիւնները, «Ղազախստան» բժշկական գնացքի կազմակերպիչներուն եւ անձնակազմին, որոնք
1988 թ. երկրաշարժի արհաւրալից օրերուն առաջինը արձագանքեցին բնութեան տարերքէն պատուհասուած մեր ժողովուրդի կանչին եւ շուրջ երկու տարի աղէտի գօտիին տարաբնոյթ բարեգործական աշխատանքներ իրականացուցին` մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելով տուժածներուն, կազմակերպելով սպիտակի բուժսպասարկումը:
«Մարդասիրութիւնն ու բարեգործութիւնը աշխարհագրական սահմաններ ու ժամանակ չեն ճանաչում: Եւ այսօր` 1988 թ. արհաւիրքից 26 տարի անց, մենք եկել ենք` հայ ժողովրդի անունից մեր խորին երախտագիտութիւնը յայտնելու ձեզ` օրհասական այդ օրերին մեր կողքին կանգնելու, մեր վէրքերին սպեղանի
դնելու, մեր խոցուած հոգու ցաւը մեղմելու եւ, ի վերջոյ, ձեր մեծ հոգու եւ սրտի համար: Մեր լուռ խոնարհումն ու յարգանքների հաւաստիքը ձեզ»:
Ս. Սրապիոնեան ՀՀ Նախագահի եւ ՀՀ վարչապետի շնորհակալագիրներ, Սփիւռքի նախարարութեան մետալներ, Առողջապահութեան նախարարութեան, ինչպէս նաեւ Սպիտակի եւ Գիւմրիի քաղաքապետարան պատուոգիրներ եւ յուշանուէրներ յանձնեց «Ղազախստան» բժշկական գնացքի շուրջ եւ բուժաշխատողներու 45
նախաձեռնողներուն :
Ներկաներուն ողջունեցին նաեւ Թեւոս Ներսիսեանը, Շուշան Պետրոսեանը, Ղազախստանի տարբեր մարզերու հայկական համայնքային կառոյցներու ղեկավարները, իսկ յետոյ թեւածեց հայկական երգը, որ հիացական
բացականչութիւններով եւ ծափողջոյններով ընդունուեցաւ ներկաներուն կողմէ:
«Ինծի համար մեծ պատիւ է պարգեւներ ստանալ աշխարհին Կոմիտաս եւ Ազնաւուր տուած ժողովուրդի իշխանութեան կողմէն: Ես Ձեր տաղանդաշատ ժողովուրդի լաւագոյն բարեկամն եմ»,- ըսաւ 1987-91 թթ.
Ղազախստանի ԽՍՀ առողջապահութեան նախարար Տալապկալի Իզմուխամբետովը:
Ներկաները իրենց խօսքին մէջ նշեցին, որ առանձնապէս ոգեւորիչ է Ալմաթիի մէջ յայտնի գործարար Էռնեստ Վարդերեսեանի ստեղծած «Մասիս» կեդրոնի շուրջ հայկական համայնքի համախմբուիլը, քանի որ նմանատիպ կառոյցներու ստեղծումը կ’օգնէ ազգային մշակոյթի տարածման եւ հայ-ղազախական բարեկամութեան խորացման: Անոնք վստահութիւն յայտնեցին, որ Ղազախստանի հայկական համայնքը այսուհետ նոյնպէս իր գիտական, մշակութային, հոգեւոր եւ կրթական ողջ ներուժը ի սպաս պիտի դնէ հայապահպանութեան գործին եւ հայ-ղազախական` պատմութեան քննութիւնը բռնած բարեկամութեան: