ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Դիւանագիտական Դպրոցին Մէջ Հանդէս Եկաւ Դասախօսութամբ
Դեկտեմբեր 8-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այցելեց դիւանագիտական դպրոց, ուր հանդէս եկաւ դասախօսութեամբ:
Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց Սփիւռքի նախարարութեան 6 տարիներու իրականացուցած աշխատանքները եւ ծրագիրները:
Նախարարը անդրադարձաւ ոլորտին առնչուող խնդիրներուն, ատոնց լուծման հնարաւոր հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ Հայկական սփիւռքին առնչուող բազում հարցերուն:
Դասախօսութեան աւարտէն ետք տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխան` ուղղուած Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ իրականացուող ծրագիրներուն:
Հրանոյշ Յակոբեան դիւանագիտական դպրոցին նուիրեց Սփիւռքի նախարարութեան կողմէն հրատարակուած գիրքեր: