Հոգեհանգստեան Պաշտօն` «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան Հիմնադիրներուն Յիշատակին
«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան հիմնադիրներ Միհրան, Զապէլ, Հաուըրտ եւ Լէյլա Գարակէօզեաններու յիշատակին երէկ` կիրակի, 7 դեկտեմբերին Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակը»:
Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ աւելի քան 40 տարիէ ի վեր մեր իրականութեան մէջ բարերար ներկայութիւն հանդիսացած է «Գարակէօզեան» հիմնարկը, որմէ մեր ժողովուրդի զաւակները միայն բարիք եւ օգնութիւն գտած են ու կը շարունակեն գտնել: Ան հարց տուաւ, թէ փոխադարձաբար մենք ի՞նչ տուած ենք ընկերութեան:
«Այս առիթով յատկապէս կ՛ուզեմ յիշեցնել մեր ժողովուրդին, որ մեր հաւաքականութեան մէջ գոյութիւն ունեցող դժուարութեանց հիմնական պատճառը բարոյական անկումն է», շեշտեց սրբազանը` աւելցնելով, որ մեզ նախորդող սերունդները հոգիով աւելի ամուր էին եւ խիզախ իրենց հաւատքին մէջ, որովհետեւ ապրելու կամք ունէին եւ այդ կամքը հաւատքով կ՛արտայայտէին իրենց առօրեային մէջ:
Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը հրաւիրեց բոլորը սթափելու եւ գիտակցելու, որ «Գարակէօզեան» հիմնարկին կողմէ մեզի ընծայուածը իրաւունք չունինք պարապ տեղ մսխելու, որովհետեւ այս կառոյցը երկար ժամանակ, յատկապէս մեր նոր սերունդի վիճակին բարելաւման համար իր լաւագոյնը ընծայեց մեր ընկերութեան եւ ժամանակն է, որ այս հիմնարկէն տրուածը եւ ստացուածը իբրեւ բարիք թարգմանուի մեր կեանքին մէջ:
Այնուհետեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն աւարտին, «Գարակէօզեան» հաստատութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-հաւաք` ներկայութեամբ 3 հայ յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն, հաստատութեան պաշտօնեաներուն, խորհրդատու մարմինի անդամներուն, հայկական վարժարաններու տնօրէններուն, ինչպէս նաեւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն: