«Մեր Լոյս, Մեր Յոյս». Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Համերգ՝ Կազմակերպութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան
«Մեր Լոյս, Մեր Յոյս» ընդհանուր նիւթն է յատուկ երաժշտական յայտագրի մը, որ պիտի ներկայացուի Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Յանձնախումբին կողմէ, Շաբաթ, Յունուար 24, 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Փասատինայի Ambassador թատերասրահին մէջ, կատարողութեամբ Կլէնտէյլի Լարք Երաժշտական Ընկեակցրութեան երգչախումբին եւ նուագախումբին՝ ղեկավարութեամբ Վաչէ Պարսումեանի։
Յայտագիրը պիտի բաղկանայ երեք մասերէ, որոնք պիտի ընդգրկեն երաժշտութիւն, ասմունք եւ պար։
Առաջին Մասը պիտի արտացոլացնէ Հայ ժողովուրդի աւանդութիւններն ու հերոսութիւնները։ Հայ ազգը եղած է հնագոյն քաղաքակրթութիւններէն մէկը եւ ունեցած է հոգեւոր, գեղարուեստական, ռազմական, տնտեսական եւ մտաւորական հարուստ իրագործումեր։
Երկրորդ Մասը պիտի ոգեկոչէ այն մեծ ողբերգութիւնը որ Հայ ժողովուրդը դիմագրաւեց քսաներորդ դարու սկիզբը։ Յարգանք պիտի մատուցուի մեր նահատակներուն, որոնք զոհուեցան ի գին իրենց ազգային պատկանելիութեան եւ Քրիստոնէական հաւատքին։
Երրորդ Մասը պիտի հռչակէ մեր վերապրումի յաղթանակը եւ պիտի աւետէ փայլուն ապագան։ Մեր գեղարուեստական ձայնով, պիտի վերանուիրենք մենք զմեզ Աստուծոյ եւ մեր Մշակոյթին։
Հարիւրամեակի Յանձնախումբը լաւատես է, որ ձեր քաջալերութեամբ եւ աջակցութեամբ պիտի կարենայ իրականացնել այս հսկայական ձեռնարկը։
Պիտի խնդրէինք որ այս նպատակին համար ձեր նուէրները ղրկէիք Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան Կեդրոնը՝ 411 East Acacia Ave., #200, Glendale, CA 91205-2821։ Տոմսերը կարելի է ապահովել Լարք Երաժշտական Կեդրոնէն՝ 543 Arden Ave., Glendale, CA 91203, հեռ. (818) 500-9997, ինչպէս նաեւ Itsmyseat – http://www.itsmyseat.com/Light կայքէջէն, հեռ. (818) 538-4911։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաք հեռաձայնել ԱՀԱԸ-ի կեդրոնատեղին՝ Բէրէմըս, Նիու Ճըրզի, հեռ. (201) 265-2607 կամ ԱՀԱԸ-ի Արեւմտեան ափի գրասենեակը՝ Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա, հեռ. (818) 937-9840։