Դամասկոսի Համալսարանէն Ներս Բացումը Կատարուեցաւ Հայկական Մշակութային Օրերու
Կիրակի, 07 Դեկտեմբեր 2014-ին Դամասկոսի Համալսարանէն ներս բացումը կատարուեցաւ հայկական մշակութային օրերու: Այս մասին կը հաղորդէ “Բերիոյ նիւզ”-ը:
Հայկական բաժինի պատասխանատու Դոկտ. Նորա Արիսեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց համալսարանի պատասխանատուներուն հայերէն լեզուի ներարման համար եւ շեշտեց մշակոյթներու բազմազանութեան կարեւորութիւնը:
ՀՀ դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեան «Հայաստանը արաբական իսլամական պատմութեան մէջ» վերնագիրով դասախօսութիւն մը ներկայացուց:
Ցուցահանդէսի բացումը կատարուեցաւ Դամասկոսի Համալսարանի նախագահ Հասսան ալ Քուրտիի եւ ՀՀ դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեանի ձեռամբ: