Yahoo Travel-ը Խորհուրդ Կու տայ Այցելել Արցախի Հանրապետութիւն

Yahoo տեղեկատուական կայքը իր Travel բաժինին մէջ հետաքրքրական ճամբորդութիւններու սիրահարներուն խորհուրդ կու տայ այցելել փաստացի գոյութիւն ունեցող, սակայն ՄԱԿ-ի կողմէ չճանչցուած պետութիւններ, ինչպիսին է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Panorama.am-ը:

Yahoo Travel-ը կը յիշեցնէ, որ խորհրդային ժամանակաշրջանին Լեռնային Ղարաբաղը` էթնիկ հայերով բնակեցուած շրջանը, գտնուած է Ատրպէյճանի կազմին մէջ, սակայն ԽՍՀՄ փլուզումէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիները քուէարկած են յօգուտ անկախութեան:

«Յաղթանակ տանելով Ատրպէյճանի հանդէպ եւ 1994 թուականին հրադադարի համաձայնագիր կնքելով` Լեռնային Ղարաբաղը ձեռնամուխ եղաւ անկախ պետականութեան կերտման եւ այսօր ճանչցուած է Աբխազիոյ, Հարաւային Օսիեդոյ ու Մերձտնեստրի կողմէ,- կը գրէ կայքը:

Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու պատճառներու շարքին ան կը նշէ ոչ միայն գեղատեսիլ լեռները, հինաւուրց վանքերն ու եկեղեցիները, այլ նաեւ ղարաբաղցիներու չտեսնուած հիւրընկալութիւնը:

“Չզարմանաք, եթէ յանկարծ յայտնուիք տեղի գիւղերէն մէկը թութի օղիով ու բաժակաճառերով սեղանի շուրջ: Կատարեցէք երկու շաբաթեայ հետիոտն ուղեւորութիւն, վայելեցէք հինաւուրց հայկական Շուշի քաղաք եւ կախարդական Ղազանչեցոց եկեղեցին”,- այցելուներուն խորհուրդ կու տայ էջը:

Ան նաեւ կը յիշեցնէ, որ Լեռնային Ղարաբաղ կարելի է երթալ Հայաստանի տարածքով` մօտ հինգ ժամ տեւողութեամբ ճանապարհով:

Կայքը միաժամանակ կը նշէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի օդային հաղորդակցութեան միջոցները վերականգնուած են եւ պատրաստ են շահագործման: Այս առումով Yahoo Travel-ը կը նկատէ, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները սպառնացած են հարուածել նոյնիսկ քաղաքացիական օդանաւները:

Կայքը նաեւ կը յիշեցնէ, որ թերեւս միայն սահմանագիծին կրնայ որոշ վտանգներ յառաջանան, քանի որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը բազմաթիւ անգամներ սպառնացած է զաւթել Լեռնային Ղարաբաղը: Այդուհանդերձ, Yahoo Travel-ը խորհուրդ կու տայ այցելուներուն առիթը չփախցնել նաեւ լեռներու վրայ խոյացած Գանձասարի հինաւուրց համալիրը եւ 9-րդ դարուն կառուցուած Դադիվանքը:

Scroll Up