Յունահայ Արա Ճանիկեան 4-րդ տեղը գրաւեց Ju Jitsu-ի համաշխարհային մրցումներուն

28-30 Նոյեմբերին Փարիզի մէջ տեղի ունեցան Ju Jitsu-ի համաշխարհային ախոյեանութեան երէցներու մրցումները։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատ օրը»:

Յունահայ ախոյեան Արա Ճանիկեան մասնակցեցաւ 16 մարզիկներու միջեւ իր տարիքէն աւելի բարձր դասակարգով։ 16 մարզիկներու միջեւ անցաւ առաջին 8 մարզիկներու շարքին, ապա՝ 4 լաւագոյն մարզիկներուն:

Ունեցաւ 4 մրցումներ։ Երկու յաղթանակեր եւ երկու պարտութիւններ։
Առաջին երկու մրցումներուն յաղթական դուրս ելաւ, Չինացի, Թայբէյի եւ Իտալիոյ մարզիկները պարտութեան մատնելով։ Երրորդ մրցումը կատարեց Իրանցի մարզիկին դէմ, որմէ պարտուեցաւ։ Չորրորդ եւ ճակատագրական մրցումը Ուքրանիոյ մարզիկին դէմ էր, որմէ պարտուեցաւ եւ այսպէս գրաւեց այս շատ պատուաբեր 4-րդ դիրքը համաշխարհային գետնի վրայ։

Նշենք, որ Արան շատ լաւ տպաւորութիւն ձգեց այլ ազգերու մարզիչներուն վրայ, որոնք իրեն մօտնենալով, գնահատական խօսքերով շնորհաւորեցին զինք, իր մարզական յաջող ելոյթներուն կապակցութեամբ:

Արային յաջորդ մասնակցութիւնը՝ մեծ եւ կարեւոր ախոյեանութիւններու շարքին է, յաջորդ տարուան Յունիսին, ուր պիտի մասնակցի Հոլանտայի Համաեւրոպական երէցներու ախոյեանութեան մրցումներուն։

Շնորհաւորութիւններ եւ բարի յաջողութիւն։

Scroll Up