Խորհրդարանը Վաւերացուց ԵՏՄ Պայմանագիրը

Հայաստանի ազգային ժողովը ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ վաւերացուց Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) Հայաստանի անդամակցութեան պայմանագիրը: Այս մասին կւ հաղորդէ “Ազատութիւն” ձայնասփիւռի կայանը:

Կողմ քուէարկեց 103 պատգամաւոր, դէմ` 7, ձեռնպահ` մէկ:

Քուէարկութենէն ետք դահլիճին մէջ ծափեր հնչեցին:

Այս միութիւնը նախաձեռնած Վլատիմիր Փութին այս շաբաթ Ռուսաստանի պետտումայի վաւերացման ներկայացուցած էր ԵՏՄ-ին Հայաստանի անդամակցութեան պայմանագիրը:

Հայաստանի անդամակցութեան պայմանագիրը ստորագրուած է Հոկտեմբեր 10-ին` Մինսկի մէջ կայացած Եւրասիական տնտեսական միութեան բարձրագոյն խորհուրդի նիստին, այդ փաստաթուղթը ստորագրած են Ռուսաստանի, Պելառիուսի, Ղազախիստանի եւ Հայաստանի նախագահները: Մինսկի մէջ ստորագրուած պայմանագիրը այն հիմնական փաստաթուղթն է, ուր նախանշուած են Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի միանալու պայմանները:

Պայմանագրի համաձայն` Հայաստանը Եւրասիական տնտեսական միութեան լիարժէք անդամ կը դառնայ փաստաթուղթը ուժի մէջ մտնելու պահէն` այսինքն, երբ այն վաւերացուի անդամ բոլոր երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ, բայց ոչ շուտ քան 2015 թուականի Յունուար 1-ը:

Այս միութեան ծնունդը յայտարարուած է 2015 թուականի Յունուարի 1-ը. այս տարուան Մայիս 29-ին Ռուսաստանի, Պելառուսի եւ Ղազախիստանի նախագահները Ասթանայի մէջ ստորագրեցին Եւրասիական տնտեսական միութիւն ստեղծելու մասին համաձայնագիրը` ամրագրելով, որ ան ուժի մէջ պիտի մտնէ 2015 թուականի Յունուար 1-էն:

Scroll Up