«Հայ Գիր» Մատենաշարը Լոյս Ընծայեց Յ. Թումանեանի «Քաջ Նազար»-ը՝ Տիրան Աճէմեանի Երգիծանկարներով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/12/kachnazar.jpg)
«Հայ Գիր» մանկապատանեկան հրատարակչատունը վերջերս յայտարարած էր, որ այս տարի, իր ծննդեան 15-րդ տարեդարձը մեր մանուկ ու պատանի ընթերցողներուն հետ կը տօնէ նոր գրքոյկներու հրատակութեամբ։ Առաջինը՝ Րաֆֆիի «Խենթը» վէպին արեւմտահայերէնի վերածուած ու պարզեցուած տարբերակը, լոյս տեսաւ քանի մը շաբաթ առաջ։ Եւ հիմա, արդէն լոյս տեսած է մատենաշարին 15րդ թիւը՝ «Քաջ Նազար»-ը, հատոր մը, որ անմահ Յովհաննէս Թումանեանի հետ հայ մանուկին կը ներկայացնէ ուրիշ անմահ մը՝ երգիծանկարիչ Տիրան Աճէմեանը։ Այս մասին կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը:
«Քաջ Նազար»ը հաւանաբար Յ. Թումանեանի ամէնէն տարածուն գործերէն է, անոր հերոսին անունը դարձած է խորհրդանիշ, սակայն աւելի քան 30 տարի առաջ, երբ անիկա Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ մեծատաղանդ երգիծանկարիչ Տիրան Աճէմեանի վրձինէն բխած նկարներու ընկերակցութեամբ, մեր մանկական հրատարակութիւններու աշխարհին մէջ կարեւոր նուաճում մը արձանագրուեցաւ անկասկած։ Փաստօրէն, Տիրան Աճէմեանի գիծերով կերտուած տիպարները համազօր արձագանգ էին «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ»-ին զուարթախոհութեան, սրամտութեան ու անջնջելի տիպարներուն, եւ առաջին հերթին՝ Նազարին։ Մեծադիր այդ հատորը ատենին մեծ ընդունելութիւն գտաւ հայ մանուկին եւ անոր ուսուցիչներուն ու ծնողներուն մօտ։
Տարիներ ետք, առաջին հրատարակութիւնը դարձաւ անգտանելի, ստացաւ թանկարժէք ու հազուագիւտ գիրքերու շարքին դասուող հանգամանք։ Տիրան Աճէմեան եւս մեկնեցաւ այս աշխարհէն ու միացաւ Յովհաննէս Թումանեանի պէս տիտաններու փաղանգին, մեզի ու յաջորդ սերունդներուն ձգելով անջնջելի ու հսկայական վաստակ։ Եւ որովհետեւ «Հայ Գիր»-ի գլխաւոր նպատակներէն է հայ գրաւոր մշակոյթի արժէքները ներկայութիւն դարձնել նոր սերունդներու կեանքին մէջ, մատենաշարի 15րդ տարեդարձին առիթով ծրագրուած հրատարակութիւններուն շարքին ահաւասիկ լոյս կը տեսնէ «Քաջ Նազար»ը, մատենաշարին 15-րդ թիւը։
Ինչպէս «Հայ Գիր»-ի նախընթաց շարք մը գրքոյկները, «Քաջ Նազար»-ը եւս լոյս կը տեսնէ արեւմտահայերէնի վերածուած եւ որոշ պարզեցումով։ Այս հատորին հիմք ծառայած է, մեծ երգիծանկարիչին դստեր՝ նմանապէս տաղանդաւոր ու վաստակաւոր արուեստաբան Սիլվի Աճէմեանի արտօնութեամբ, Պէյրութի մէջ լոյս տեսած վերոյիշեալ հատորը։ Ծանօթ է, որ Տիրան Աճէմեանի վրձինը երգիծանկարներու շարքերով նոր կեանք տուած է մեր շատ մը գրողներու տիպարներուն, որոնցմէ մէկն է միայն «Քաջ Նազար»ը։ Այս շարքը ստեղծուած է 60-ական տարիներուն եւ կ՛ընդգրկէ շուրջ 150 նկար, արուեստասէրներուն ներկայացուած նախ՝ ցուցահանդէսներով, ապա բոլորը լոյս տեսած են յիշեալ առաջին հրատարակութեան մէջ։ Այս հատորին մէջ առնուած է շարքէն մաս մը։ «Հայ Գիր»-ը շնորհակալութեան խօսք ունի Սիլվի Աճեմեանին, վստահ ըլլալով, որ մեր մանուկներն ու դաստիարակներն ալ կը ձայնակցին երախտագիտութեան այս արտայայտութեան։