Նորընտիր առաջնորդին գահակալութեան արարողութիւնը

Երեքշաբթի Դեկտեմբեր 2ի երեկոյեան, Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս-Մկրտիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ նորընտիր Առաջնորդ Վահան Եպիսկ. Յովհաննէսեանի գահակալութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Նոր Յառաջ»-ը:
«Հրաշափառ Աստուած»ով Վահան Եպիսկ. մուտք գործեց տաճարէն ներս։ Ներկայ էին հաւատացեալ հոծ բազմութիւն մը, Ֆրանսայի տարբեր շրջաններէ Փարիզ ժամանած համայնքային ղեկավարներ, հոգեւոր դասը, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, ֆրանսացի երեսփոխաններ, քաղաքապետեր, Հայաստանի դեսպանն ու աշխատակիցները, Գերմանիոյ առաջնորդ Պեքճեան Սրբազան, Փարիզի եկեղեցւոյ նախկին առաջնորդ՝ Նագգաշեան Սրբազան, Ֆրանսայի թեմի հիմնադիր ու հրաժարեալ առաջնորդ՝ Զաքարեան Սրբազան եւ առաջնորդական տեղապահ՝ Պարսամեան Վարդապետ։
Հայր Վահան Սրբազան իր օրհնութեան խօսքին մէջ ընդգծեց ժողովուրդին մասնակցութեան կարեւորութիւնը եկեղեցական կեանքին, շեշտելով որ եկեղեցին ո՛չ Կաթողիկոսին, ո՛չ Առաջնորդին, ո՛չ հոգեւոր հովիւին, ոչ ալ այսինչին կամ այնինչին կը պատկանի, այլ բոլորի՛ն տունն է, որուն համար բոլորս մեր մասնակցութիւնը պէտք է բերենք։
Արարողութեան աւարտին հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ «Նուրհան Ֆրէնկեան» սրահին մէջ։