ԼՂՀ ԱԺ Նախագահը Ուաշինկթընի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Ամերիկացի Համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքի Հետ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/12/0125.jpg)
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 30 Նոյեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ հասած է Ուաշինկթըն: Այս մասին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութիւնը։
1 Դեկտեմբերին կայացած է Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահին հանդիպումը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանի վերջին զարգացումներուն եւ ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին առնչուող շարք մը հարցեր:
Նոյն օրը Աշոտ Ղուլեան հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆր-ենք Փալոնի հետ: Զրոյցին ընթացքին քննարկուած են քոնկրեսին եւ Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանին միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման, ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, Միացեալ Նահանգներու մարդասիրական ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցեր։
Ֆ. Փալոնի խնդրանքով՝ Աշոտ Ղուլեան ներկայացուցած է Արցախի սահմաններուն մէջ Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուող սադրանքներուն հետեւանքները եւ այդ պարունակին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է քոնկրեսականներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաօդային ուժերու ուղղաթիռի խոցումը դատապարտող յայտարարութիւններուն համար:
Կը շարունակուի Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի այցելութիւնը։