Ընկերային Ցանցերու ՄԷջ Կուկլին Կոչ Կ’ուղղեն 2015-ի Ապրիլ 24-ին Յատուկ doodle Տեղադրելու

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ ընկերային ցանցերու օգտատէրերը կոչ կ’ուղղեն Google-ին 2015-ի Ապրիլ 24-ին յատուկ doodle տեղադրելու: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնրէս»-ը:

Այդ առթիւ պատրաստուած doodle-ով եւ #ArmenianGenocideDoodle հաշթագով օգտատէրերը կը ցանկան աշխարհին տեղեկացնել համաշխարհային պատմութեան դաժան էջերէն մէկուն մասին: Նոր doodle-ի հեղինակն է Web Designer, ծրագրաւորող Վանանդ Մկրտչեան:

«Քանի որ Կուկլը ներկայիս հասարակութեան համար տեղեկութեան հիմնական աղբիւրն է, պարզապէս ցանկացայ նման ձեւով համաշխարհային հանրութեան տեղեկացնել այդ սեւ օրուան մասին: Բայց կը պարզուի ատիկա այդքան ալ հեշտ չէ: Կուկլի կողմէ այս դիմումը շատ քաղաքական ձեւով կը դիտուի, այդ իսկ պատճառով մինչ օրս չէ տեղադրուած»,- «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին մէջ նշեց Մկրտչեան:

Անոր խօսքով` մարդիկ ընկերային ցանցերուն մէջ արդէն սկսած են ողջունել շարժումը: Doodle-ը արդէն հասցուցած է յայտնուիլ նաեւ boredpanda.com կայքին մէջ:

Առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրէին Օսմանեան կայսրութեան մէջ կ’ապրէին երկու միլիոնէ աւելի հայեր: Շուրջ մէկուկէս միլիոն հայ սպանուեցաւ 1915-1923թթ. ժամանակահատուածին, իսկ մնացածները կամ բռնի մահմետականացուեցան, կամ ապաստանեցան աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: 1915թ. Ապրիլ 24-ին սկիզբ առած ձերբակալութիւններով (հիմնականին մէջ` Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլսոյ մէջ) եւ ատոր հետեւած հարիւրաւոր հայ մտաւորականներու ոչնչացումով սկսաւ հայ բնակչութեան բնաջնջման առաջին փուլը: Յետագային  աշխարհասփիւռ հայերը Ապրիլ 24-ը սկսան նշել իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր:

Scroll Up