Հայ Հետազօտողներու Եւ Ուսանողներու Առաջին Առցանց Գիտաժողով Չինաստանի Մէջ

2014 թ. Նոյեմբեր 30-ին Չինաստանի մէջ Հայկական ուսանողական միութեան եւ Հոնքոնկի ու Չինաստանի հայկական համայնքներու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ հայ հետազօտողներու եւ ուսանողներու 1-ին առցանց գիտաժողովը, որ նպատակ ունի միաւորելու Չինաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ գտնուող հայ ուսանողներն ու հետազօտողները, կազմաւորել հայ չինագէտներու խումբը, որ Չինաստանի մէջ կազմակերպուող գիտական տարբեր հարթակներու վրայ կը ներկայացնէ հայկական հետազօտութիւնները: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէն Չինաստանի հայ համայնքէն:

«Վաղնջական ժամանակներէն ձեւաւորուած հայ-չինական բարեկամական յարաբերութիւններն այսօր նոր որակ ու բովանդակութիւն կը ստանան` շարունակաբար զարգանալով եւ ամրապնդուելով: Գիտական եւ կրթական ոլորտներուն մէջ երկու երկիրներու միջեւ առկայ համագործակցութիւնը կը խորանայ եւ տարիէ տարի նոր հնարաւորութիւններ կ’ընձեռէ երիտասարդ գիտնականներուն համար` աւելի խորութեամբ ուսումնասիրելու ոչ միայն իրարու պատմութիւնն ու մշակոյթը, այլեւ արդիական գիտատեխնիկական նուաճումները: Կը կարծեմ, որ հէնց այս նպատակներուն պիտի ծառայէ նաեւ նոր կազմաւորուող ձեւաչափը»,- գրուած է ՉԺՀ-ի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Սարգսեանի ուղերձին մէջ:

Դեսպանը յոյս կը յայտնէ, որ նման ձեռնարկներ պիտի դառնան շարունակական եւ համախմբեն այնպիսի հայրենասէր երիտասարդներու, որոնք իրենց աշխոյժ քաղաքացիական կեցուածքով ու գիտական ներուժով պիտի նպաստեն Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին: Գիտաժողովի առաքելութիւնը իւրովի  մեկնաբանած է Չինաստանի մէջ հայկական համայնքի նախագահ Հենրի Արսլանեան: Ան կը գտնէ, որ գիտաժողովը հնարաւորութիւն կ’ընձեռնէ ժամանակակից արուեստագիտութիւններու եւ հաղորդակցման միջոցներու շնորհիւ համախմբելու գիտական ներուժը, միաւորելու տեղի հայերը, ներկայացնելու Չինաստանի մէջ ապրող հայերու արժանաւոր պատմութիւնը:

Գիտաժողովի մասնակիցները 14 հոգի էին, սակայն անոր իրականացման ձեւաչափն այնպիսին էր, որ իբրեւ դիտորդ մասնակցելու հնարաւորութիւն կ’ընձեռուէր բոլոր ցանկացողներուն: Ատոր համար անհրաժեշտ էր միայն գրել առաջարկուող Ել. հասցէին եւ ծանօթանալ գրանցման մանրամասներուն:

Գիտաժողովի ընթացքը հետաքրքիր էր եւ բազմաբովանդակ: Զեկուցումները կ’առնչուէին միջազգային յարաբերութիւններու, պատմութեան, հոգեբանութեան, միջմշակութային հաղորդակցութեան, գրականութեան, լեզուաբանութեան, քաղաքագիտութեան, ակնաբուժութեան, մաթեմատիկայի, ծրագրային ապահովման եւ այլ ոլորտներուն: Ուշագրաւ զեկուցումներ  ներկայացուած էին նաեւ հայ-չինական յարաբերութիւններու վերաբերեալ:

«Աշխարհի 2 հզօրագոյն մշակոյթներու ճանապարհով». Այսպէս  վերնագրած էր իր զեկուցումը Արաքսեայ Ներսիսեան` Չինաստանի կեդրոնական ազգագրական համլսարանէն: «Այս երկու երկիրներու միջեւ ինկած հեռաւորութիւնը, բայց ժողովուրդներու հաւաքական մտածողութեան նմանութիւններն ուղղակի զարմանալի են: Երկու մշակոյթներու հիմքին մէջ ալ ինկած է ընտանիքի, մեծերուն յարգելու, երեխաներու հանդէպ սիրոյ գաղափարը»,- գրուած է զեկուցման ամփոփագիրին մէջ:

Հետաքրքիր է, որ հայ եւ չին ժողովուրդները, գտնուելով իրարմէ շատ հեռու, ձեւաւորած են գեղեցիկ աւանդական կենցաղ, ուր բազմաթիւ նմանութիւններ կարելի է գտնել:

Լիաոնինգի համալսարանէն հետազօտող եւ հեղինակ Լիւ Լա Չուն հանրային ուշադրութեան կը ներկայացնէ «Մամիկոնեաններու տոհմի լեգենդը Չինաստանէն դէպի Հայաստան» թեմայով զեկուցումը:

Ուշագրաւ է նաեւ Կուանկջոուի Ջինան համալսարանէն Կարապետ Կազարեանի կողմէ առաջադրուած թեման` Հայութեան անվտանգութեան դէմ ուղղուած մարտահրաւէրներու շուրջ: Հեղինակը կ’առաջարկէ դիտարկել, թէ աշխարհասփիւռ հայութիւնը ի՞նչ մարտահրաւէրներու առջեւ  կանգնած է: Ի՞նչ քայլեր կ’ընեն անվտանգութիւնը ապահովելու համար, որքանո՞վ  արդիւնաւէտ են այդ քայլերը: Ան համոզուած է, որ համաշխարհայնացումը, սեփական կրօնի ու հայրենասիրութեան մոռացութիւնը, ազգային ինքնութեան կորուստը կրնան նոր ու վտանգաւոր իրավիճակ ստեղծել աշխարհասփիւռ հայութեան համար:

Չափազանցութիւն չըլլար, եթէ ըսենք, որ գիտաժողովէն ներս ներկայացուած բոլոր զեկուցումներն առանց բացառութեան ուշագրաւ են եւ կարեւոր: Կրնաք համոզուիլ  դուք` ծանօթանալով անոնց ամփոփագիրներուն:

Մեր հիացմունքն ու խորին յարգանքը այս կարեւոր ձեռնարկի հեղինակներուն:

Scroll Up