Վարչապետը ՀՀ Տարածքային Կառավարման Եւ Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութեան Աշխատակազմին Ներկայացուցած Է Նորանշանակ Նախարարը

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ՀՀ տարածքային կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան աշխատակազմին  ներկայացուցած է Տարածքային կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու նորանշանակ նախարար Արմէն Երիցեանը:Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն:

Յովիկ Աբրահամեան շնորհաւորած է Արմէն Երիցեանը նոր պաշտօնին նշանակուելու առիթով, մաղթած յաջողութիւններ եւ արդիւնաւէտ աշխատանք: Կառավարութեան ղեկավարը նշած է, որ միաւորուած նախարարութեան ղեկավարի պաշտօնին Արմէն Երիցեանը նշանակելու հարցին մէջ հաշուի առնուած է  անոր հարուստ աշխատանքային փորձը եւ անցած ճանապարհը: Վարչապետը վստահութիւն  յայտնած է, որ նորաստեղծ նախարարութեան մէջ առկայ է մեծ ներուժ եւ յետագային կ’արձանագրուին լուրջ արդիւնքներ:

Scroll Up