Հայաստանի ԱԳ Նախարարը Հանդիպեցաւ Եգիպտոսի Վարչապետին

Տաքարի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գագաթնաժողովի աշխատանքներուն մասնակցող ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպեցաւ Եգիպտոսի վարչապետ Իպրահիմ Մահլապի հետ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ  ծառայութենէն:

Հանդիպման քննարկուեցան հայ-եգիպտական բարեկամական յարաբերութիւններու առաւել աշխուժացման, բարձրաստիճան փոխայցերու կազմակերպման, գիտակրթական եւ մշակութային շփումներու խրախուսման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերը:

Եգիպտոսի վարչապետը տեղեկացուց Հայաստանի ԱԳ նախարարին` Գահիրէի համալսարանին մէջ հայագիտութեան ամպիոնի վերաբացման վերաբերեալ:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին` Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն մասին:

Scroll Up