Հոգիի Մղումով

Մարդիկ աշխարհ կու գան տարբեր առաքելութիւններով եւ կ’ապրին իրենց կեանքը որոշակի մղումներով: Ամալեայ Մոսինեան մանկութենէն  արդէն յատուկ էր իր շրջապատին մէջ, բոլոր ասպարէզներու մէջ կ’ընդգծուէր անոր վառ անհատականութիւնը: Մինչեւ Գրասնոտար հասնիլը  շատ երկար ճանապարհ  անցած է,  աշխատած ամենատարբեր ոլորտներու մէջ, ընտանիք կազմած, ճակատագրի բերումով մինակ մեծցուցած երեք որդիները:  Որոշակի կենսափորձ կուտակելով, հասկցաւ, որ իր կոչումը սորվեցնելն է, 30 տարուան մանկավարժական փորձի արդիւնքով ձեռք  բերած շարք մը մասնագիտութիւններէն ամենահոգեհարազատը դարձաւ մանկավարժութիւնը:

1993-94թթ. արդէն Գրասնոտարի մէջ հրատարակուող «Երկրամաս» ամսաթերթին մէջ  հայկական էջը կը խմբագրէր եւ, միաժամանակ, նորակառոյց եկեղեցւոյ դեռեւս անբարեկարգ բակին մէջ հայ երեխաներ  հաւաքած էր շուրջը եւ, իր կարողութիւններու չափով, հայոց լեզու, ասմունք, երգ ու պար կը դասաւանդէր: Դաշտն ազատ էր, այս քաղաքին մէջ հայկական  հարիւրամեայ պատմութիւն ունեցող համայնքը երկարատեւ ընդմիջումէ ետք  նոր-նոր կը սկսէր ձեւաւորուիլ: Տիկին Ամալեան այն առաջիններէն էր, որոնք նախապատրաստեցին ազգային ինքնագիտակցութեան ներկայիս զարթօնքը:

2013 –ին ձեւ եւ բովանդակութիւն ստացան ջանքերն ու որոնումները, ծնաւ «Նարեկ» կրթամշակութային կեդրոնը` տասնեակ տարբեր տարիքի աշակերտներով: Սկսաւ նպատակաուղղուած, ջանասէր աշխատանքի եւ ելոյթներու շրջան մը, որուն արդիւնքով, ինքնաբերաբար մնացած ուղղութիւնները խամրեցան ու նահանջեցին` տեղի տալով հայկական ժողովրդական պարի հմայքին առջեւ:

Այսօր, տասնամեայ բարձրութենէ ետք, «Նարեկը» կայացած պարի համոյթ է, որ կը մասնակցի երկրամասի մշակութային շատ ու շատ ձեռնարկներու, համահայկական գրեթէ բոլոր փառատօններուն, արժանացած է տասնեակներով հաշուող լուրջ տիպլոմներու եւ պարգեւներու: Խումբը բազմիցս եղած է Հայաստանի մէջ, ելոյթներ ունեցած Ռուսատանի եւ Եւրոպայի այլեւայլ քաղաքներու մէջ:

Ալ ով, եթէ ոչ թոռնուհին պէտք է շարունակէ մեծմօր կեանքի գործը: Աննա Մոսինեան տարիներ շարունակ Երեւանի մէջ վարպետութեան դասեր կը ստանայ անուանի հայ պարուսոյցներու մօտ եւ այսօր համոյթի գեղարուեստական ղեկավարն է, հիմնական պարուսոյցը:

Վերջերս «Նարեկ» կեդրոնը, որ կը գործէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հարաւային Ռուսաստանի Հայոց թեմին առընթեր բացուած «Վարդանեան» կրթամշակութային կեդրոնին մէջ, նոյն կեդրոնի համերգային դահլիճին մէջ նշեց իր 10 – ամեայ յոբելեանը:  Ասիկա իւրօրինակ տօն էր, որ արժեւորեց անցած ճանապարհը, ցուցադրեց ձեռքբերումները եւ նախորոշեց յետագայ վերընթաց ուղին:

250 տեղանոց դահլիճը լեփլեցուն էր ծնողներով, բարեկամներով, համակիրներով, բեմին վրայ էին յիսունէ աւելի սաներ: Գունագեղ համարները կը յաջորդէին իրար` յագեցուած ժողովրդական պարերու ինքնատիպ բեմադրութիւններով, բեմական տեսարաններով, հայրենաշունչ երգ ու ասմունքով: Համերգի կիզակէտը Մեծ եղեռնի 100-ամեայ յիշատակին նուիրուած դրուագն էր` Աննա Մոսինեանի հոգեցունց մենապարով: Ելոյթներու անմիջականութեամբ ջնջուած էր սահմանը հանդիսատեսին հետ եւ բոլորը դարձած էին այս շքեղ տօնի մասնակիցներ: Հայաստանէն ժամանած հիւրեր` ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ,  Հայաստանի ազգային պարարուեստի եւ պարագէտներու միութեան նախագահ, փրոֆէսոր Կարէն Գէորգեան եւ Սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական  փառատօնի ղեկավար Սամուէլ Հարոյեան հիացմունքի խօսքեր ու հայրենական կառավարութեան պարգեւներ նուիրեցին տնօրէն Ամալեայ Մոսինեանին, անոր երախտիքի  խօսքեր ուղղեցին նաեւ ծնողները, աւագ սաները, քաղաքային այլեւայլ կազմակերպութիւններ:

Տաս տարին կայացման եւ համբաւի ձեռք բերման երկար եւ խոստումնալից ճանապարհ էր, կը մնայ նուիրումի ուժով մնալ բարձունքին, առաջ ընթանալ հաստատուն քայլերով: Ինչ որ տիկին Ամալեայ Մոսինեանի ապրելու եւ աշխատելու կերպն է, հոգիի մղումը:

                                                                                                              ԵՐԱԶԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

 

Scroll Up