Վարչապետն Ընդունած Է ՍԴՀԿ Ներկայացուցիչները

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ընդունած է Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Տիգրանեանը, փոխատենապետ, Լիբանանի խորհրդարանի անդամ Սեպուհ Գալփակեանը եւ ՍԴՀԿ վարչութեան անդամ Գէորգ Պերկուպերկեանը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ
կառավարութեան լրատուական կեդրոնէն:
Ողջունելով հիւրերը` վարչապետը կարեւոր համարած է աւանդական այս կուսակցութեան դերը համազգային նշանակութիւն ունեցող գործընթացներուն մէջ եւ կառավարութեան անունէն համագործակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւն յայտնած:
ՍԴՀԿ ներկայացուցիչները ողջունած են ՀՀ կառավարութեան կողմէ տարբեր ոլորտներու մէջ բարեփոխումներու իրականացումը եւ վերահաստատած կուսակցութեան պատրաստակամութիւնը` շարունակելու աջակցիլ իշխանութիւններուն հայ ժողովուրդի եւ պետութեան առջեւ ծառացած կարեւոր խնդիրներու լուծման գործին մէջ:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակած են ՀՀ կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութեան` գործարար միջավայրի բարելաւման եւ տնտեսութեան մէջ ներդրումներու ներգրաւման ուղղութեամբ կատարուող բարեփոխումներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տնտեսական զարգացման հեռանկարներուն վերաբերեալ: Արծարծուած են նաեւ ՍԴՀԿ-ի հետ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան
վերաբերող հարցեր: