Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով`. Հայկական Ձեռագործներու Ցուցահանդէսի Բացում
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին, նախագահութեամբ Իզապէլ Տեքերմենճեանի, երէկ` հինգշաբթի, 27 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ժալ Էլ Տիպի քաղաքապետարանի ապակեայ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսի բացում: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակը»:
Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով հայերէնով եւ արաբերէնով խօսք առաւ Սօսէ Պօյաճեան, որ խնդրեց ներկաներէն մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել յիշատակը Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն: Ապա ան նկատել տուաւ, որ 1976-էն ի վեր աւանդութիւն դարձած եւ տարեկան յաճախականութեամբ կազմակերպուող սոյն ցուցահանդէսը այս տարի տարբեր պատգամով կը ներկայանայ հանրութեան, եւ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու 100-ամեակի յիշատակին: Պօյաճեան յայտնեց, թէ ձեռագործը, որ մեր նախնիներէն մեզի հասած ամէնէն արժէքաւոր աւանդներէն է, կու գայ նաեւ մեզի յուշելու եւ զարթնեցնելու, որ մենք կը կորսուինք, եթէ իրենց փոխանցած աւանդները չպահենք: «Թուրքին եաթաղանին զոհ գացած բոլոր այն քաղաքները, որոնցմէ մեզի հասած են այսօր հպարտութեամբ ցուցադրուած ձեռագործները, մեզի յանձնուած աւանդներ են, զորս պէտք է կեանքի կոչել, ապրեցնել` իբրեւ ազգային հարստութիւն», հաստատեց Ս. Պօյաճեան:
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան գոհունակութիւն յայտնեց նման ցուցահանդէսի մը կազմակերպման համար, ուր կ՛ըմբոշխնենք մեր ինքնութեան մաս կազմող արուեստը, որ ձեռարուեստն է, որմէ սակայն մենք հետզհետէ կը հեռանանք: Ան նկատել տուաւ, որ մօտիկ անցեալին անոնք մեր սեփական տուներուն մէջ զարգացող իրականութիւններ էին եւ մեր մայրերը տիրացած էին այս արուեստին ու ժամանակի ընթացքին զարգացուցած եւ հասցուցած էին կատարելութեան: «Գնահատելի է, որ ԼՕԽ-ը նախանձախնդիր ըլլալով եւ ինքզինք պատասխանատու նկատելով մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, կը ստանձնէ նման նախաձեռնութիւն մը, որպէսզի անցեալէն մեզի հասած թէկուզ փշուրները եւ արժէքները կարելիութեան սահմաններուն մէջ պահպանուին», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ սոյն ցուցահանդէսը ծանր, երկար եւ ծրագրուած աշխատանքի արդիւնք է: «Անհրաժեշտ է յարատեւել: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին կը գտնուինք եւ այդ առիթը մեզի կը յիշեցնէ, թէ յաւելեալ պրկումով, յաւելեալ ճիգով պէտք է փորձենք փրկել, պահել, պահպանել եւ զարգացնել այն, ինչ որ նախորդ սերունդները մեզի փոխանցեցին», եզրափակեց սրբազան հայրը:
Հիւսիսային Մեթնի գաւառապետ Մարլեն Հատտատ խօսք առնելով յայտնեց, որ ամէն տարի կը հաւաքուինք եւ կը վայելենք ձեռագործները, սակայն այս տարի յատուկ առիթ է եւ կը զուգադիպի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Ասիկա մեզի ըսել կու տայ, որ մենք միշտ հաւաքական պիտի մնանք, պիտի չմոռնանք մեր զոհերը, անոնց արիւնը յումպէտս պիտի չհոսի: Ան հաստատեց, որ այս ներկայութիւնը փաստ մըն է, որ բոլորս կանք, գոյութիւն ունինք եւ պիտի շարունակենք մնալ ի գին ամէն ինչի:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ չորեքշաբթի, 3 դեկտեմբեր եւ բաց է ամէն օր առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00: