Եկայ, Տեսայ, Յաղթեցի
Ան եկաւ մօտ եօթ տարի առաջ: Եկաւ Ռուսաստանի Դոնի Ռոստով քաղաքէն, ուր հանգրուանած էին անոր ծնողները տարիներ առաջ: Եկաւ եւ հաստատուեցաւ Վալենսիա քաղաքին մէջ: Տեսաւ այս գեղեցիկ քաղաքը, ծանօթացաւ անոր բարքերուն, մշակոյթին… Այնուհետեւ հեռակայ սկսաւ ուսումնասիրել երկիրը` Սենեկայի, Սերուանտեսի եւ Կոյայի հայրենիքը: Եւ այս ծովափնեայ անդորր միջավայրէն անոր միտքը սլացաւ հեռուներ, կտրեց-անցաւ բոլոր բաց ու փակ սահմանները, ծովերով, երկինքով, ցամաքով` հասնելով մինչեւ տիեզերքի անսահմանութիւնը:
Եւ ան յաղթեց… Յաղթեց` ամէն ինչ լիովին ուսումնասիրելէ ետք : Ան աշխարհը առաւ իր ուղեղին մէջ` ապացուցելով, որ այդ մարդկային օրկանը նոյնքան անսահման հնարաւորութիւններ ունի, որքան եւ տիեզերքը եւ որ ամենագեղեցիկ յաղթանակը այդ իմացութեան յաղթանակն է: Եւ այդ ամէնը ան ապացուցեց ո՛չ թէ իր մայրենի լեզուով` հայերէնով, այլեւ` սպաներէնով` նախապէս ամբողջովին անծանօթ օտար լեզուով:
Ան Լիլիթ Մանուկեանն է` սպանահայութեան պարծանքը, սպանացիներու սիրելին եւ երիտասարդութեան չափանիշը: Իսկական քայլող հանրագիտարան, որ իր իմացութեամբ` աննախադէպ ցուցանիշ գրանցեց սպանական ամենահանրաճանաչ խաղի` «Պասափալապրա»-ի (Pasapalabra – «անցիր բառը») պատմութեան մէջ: Անցեալին եւ ոչ մէկ օտարերկրացի երբեւէ չէ մասնակցած այդ խաղին: Իսկ յաղթելու մասին խօսք անգամ չէր կրնար ըլլալ: Մասնակցելու համար սպաներէնի եւ սպանագիտութեան բարձր մակարդակ հարկաւոր է: Եւ ոչ միայն. յիշել երկրագունդի պատմութեան նշանաւոր դէպքերն ու դէմքերը, թուականները, արուեստի աշխարհի հեղինակները, քերականութեան կանոններն ու ամէն-ամէն ինչ… Եւ այդ ամէնը` սպաներէնով:
Խաղի վերջաւորութեան մասնակիցը պէտք է պատասխանէ սպաներէնի այբուբենի 25 տառերով բաղկացած 25 հարցերու` մօտաւորապէս . ընդամէնը 2 վայրկեանի ընթացքին: Ըսել է թէ` իմացութեան կը գումարուի նաեւ արագութիւնն ու մտքի թռիչքը, որոնք միայն հնարաւորութիւն կու տան տեղաւորուիլ այդքան կարճ ժամանակի մէջ: Յատկանիշներ, որոնցմով լիովին օժտուած է Լիլիթը` վերածելով ատոնք արժէքի: Հենց անով ալ մեր հայրենակիցը մօտ 100 խաղի յաղթող ճանչցուած է` ամէն խաղի մէջ շահելով 1200 եւրօ: Սակայն մեզի` հայերուս համար, այս յաղթանակներու արժէքը աւելի բարձր է. չէ՞ որ մեր առջեւ ունինք ազգակիցի մը, որ հակառակորդի դաշտին մէջ` իր իսկ լեզուով, կը յաղթէ անոր:
«Պասափալապրա» խաղին Լիլիթ Մանուկեանի առաջին մասնակցութիւնը եղաւ 2011 թուականին, երբ սպանահայութիւնը անսպասելի յայտնագործութիւն ըրաւ, իսկ սպանացիները սկսան փնտրել ու յայտնաբերել հայկական տաղանդը: Եթէ խօսինք թուային լեզուով, ապա Լիլիթի գործօնը միանգամէն քանի մը անգամ բարձրացուց հայ ազգաբնակչութեան վարկանիշը սպանիոյ մէջ: Որեւէ վայրի մէջ հայու կամ Հայաստանի մասին խօսելնուն, ներկայ է Լիլիթը:
Վերջինիս երկրորդ մասնակցութիւնը խաղին տեղի ունեցաւ 2012 թուականին: Այս անգամ արդէն մեր հայրենակիցը հեռուստացոյցին կապեց ողջ սպանահայութիւնը, որ կը խաղար անոր հետ, ոգեւորուելով, վհատուելով, անհանգստանալով, մտածելով եւ յաղթելով: «Լիլիթը սկսաւ» կամ «երթանք Լիլիթը նայինք» արտայայտութիւնները չէին իջներ հայերուս շուրթերէն` այդպիսով փոխելով «Պասափալապրա» բառի անունը: Անոր իւրաքանչիւր յաղթանակը կ’ոգեւորէր ոչ միայն մեզի` հայերուս, այլ նաեւ սպանացիներուն: Իսկ վերջնական յաղթանակին կը սպասէր գրեթէ ողջ երկիրը:
Յաղթանակ, որ եկաւ Լիլիթի երրորդ մասնակցութեան հետ, երբ վերջինս 318.000 եւրօ հաւաքուած գումարը շահեցաւ` պատասխանելով վերջնական լրիւ 25 հարցերուն:
Այժմ վալենսաբնակ մեր հայրենակիցը երիտասարդութեան չափանիշը դարձած է: Բոլորը կ’ուզեն նմանիլ անոր, ունենալ անոր յաջողութիւնը: Լիլիթը աշխոյժ մասնակցութիւն կ’ունենայ նաեւ հայ համայնքի կեանքին` ներկայ ըլլալով անոր կարեւորագոյն ձեռնարկներուն: Ան ներկայ գտնուեցաւ Միսլատայի քաղաքապետարանի նիստին օրը, երբ վերջինս միաձայն ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Եղած է նաեւ «Հայկական Անկիւն»-ի բացման օրը` իր ներկայութեամբ ոգեւորելով բոլորիս:
Այսպիսին է մեր հայրենակից Լիլիթ Մանուկեանի արկածները Սպանիոյ մէջ, ուր օր մը եկաւ ան, եկաւ, տեսաւ ու յաղթեց:
Արարատ Ղուկասեան
Վալենսիա (Սպանիա)