Արմէն Աշոտեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Շարունակելու Աջակցութիւնը Պուխարեստի Եւ Կլուժի Համալսարաններուն Մէջ Հայերէնի Դասընթացներուն

«Բարձրագոյն կրթութեան ապագան» Պոլոնեան գործընթացի հետազօտողներու համաժողովին մասնակցելու նպատակով Ռումանիոյ մէջ գտնուող ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան Նոյեմբեր 25-ին ՀՀ դեսպանութեան մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Պուխարեստի համալսարանի հայոց լեզուի դասախօս, դոկտոր Այտա Մարկոսեանի եւ միջպետական կրթաթոշակներով Ռումանիոյ  համալսարաններ յաճախող հայ ուսանողներու հետ: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ լրատուական ծառայութենէն:

Կարեւոր համարելով հայերէնի ուսուցումը Ռումանիոյ մէջ հայագիտութեան խթանման տեսակէտէն, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատելով դոկտոր Այտա Մարկոսեանի ներգրաւուածութիւնը այդ գործին մէջ, մասնաւորապէս ռումանախօսներու համար հայոց լեզուի դասագիրքի հրատարակումը` նախարար Աշոտեան պատրաստակամութիւն յայտնեց այսուհետ եւս շարունակելու աջակցութիւնը հայերէնի դասընթացներուն թէ՛ Պուխարեստի, թէ՛ Կլուժի համալսարաններուն մէջ, որուն ծիրէն ներս այս տարի բացուած է եւ կը գործէ հայագիտութեան ինստիտուտը:

Ուսանողներուն հետ հանդիպման ժամանակ նախարար Աշոտեան ներկայացուց այն գերակայութիւնները, որ Հայաստան կ’ակնկալէ միջպետական կրթական ծրագիրներէն եւ պատասխանեց ուսանողներու հարցերուն:

Երեկոյեան նախարար Աշոտեան այցելեց Պուխարեստի Հայոց կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որուն ընթացքին քննարկուեցան կրթական ոլորտի, ուսանողներու փոխանակման, հայերէնի ուսուցման եւ հայագիտութեան զարգացման հետ կապուած հարցեր:

Scroll Up