Գոհաբանութեան օր կամ օր՝ երախտիքի

Thanksgiving Day- ը կամ Գոհաբանութեան օրը եւ կամ ինչու չէ նաե՛ւ տօնը կը զուգադիպի Նոյեմբեր 27-ին: Ա՛յս այն օրն է, որ իբրեւ այս երկրի քաղաքացիները եւ ինչու չէ նաեւ հայ քրիստոնեայ գիտակից անհատներ, պաշտօնապէս եւ հրապարակային ձեւով տեղացի, մեր դրացի եւ բարեկամ օտարներուն ընկերակցելով, մեր կարգին մենք ալ կր յիշատակինք ու միեւնոյն ատեն գոհաբանութիւն կամ շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր Երկնաւորին, Իր մեզի պարգեւած կեանքին, տուած առողջութեան, երջանկութեան, հասարակական կեանքին մէջ մեր վայելած դիրքին եւ մեր ունեցած ստացուածքին համար:

Գոհաբանելը լաւ բան է:
Կ՛ըսեն, թէ հոգին ազնուացնող գաղտնի դեղագիր մըն ալ ունի իր մէջ: Կը կարծեմ, որ իրաւ հաւատացեալի մը համար նորութիւն մը չէ այդ օրը, գոհաբանութիւն տալու այս հրաւէր օրը, որովհետեւ նոյն այդ անհատը ամէն օր լուսածագին, իր «Առաւօտ լուսոյ»ին կամ այլ աղօթքին հետ, աւանդութիւն մը յարգողի մը ճշդապահութեամբ, երբ իր երախտիքը կը յայտնէ իր Աստուծոյն, արդէն իր այդ օրը ինքնին իրեն համար գոհաբանութեան օրուայ վերածած կÿըլլայ:

Ահա այս է ճշմարտութիւնը ինքնագիտակիցին, կրկնելու գնով մտովի կ՛ըսեմ, որ նաեւ զինք կÿառաջնորդէ ի խորոց սրտէ արտասանելու «փառք Աստուծոյ» մը: Մեր արարիչին նկատմամբ նման մեր խորին յարգանքն ու հաւատքը եւ մեր սիրոյ անկեղծ զեղումը, իրապէս որ մարդկային երախտագիտութեան կատարեալ բանաձեւն է. եթէ կÿուզէք:

Այսպէս սորվեցուցած է մեզի մեր դարերու եկեղեցին եւ մեր հաւատքը: Այս կը նշանակէ նաեւ, որ մենք ամէն օր մեր Աստուծմէ կÿակնկալենք կամ պէտք է, որ ակնկալենք ու խնդրենք իր կամքն ու ողորմածութիւնը:

Իսկ այս օր, Գոհաբանութեան օրուան այս տօնին առիթով, իբրեւ մեր հոգիէն բխող սիրոյ տուրք, այդ բոլորին վրայ կÿաւելցնենք նաեւ մեր մատուցելիք նոր աղերսներն ու աղօթքներու շարքերը:

Անկասկած, որ իբրեւ մարդ անհատ հայեր, մեր այս բարի մաղթանքներուն շրջանակը ինքնաբերաբար լայնցնելով, մեր հին ու նոր աղօթքներուն մէջ պիտի խառնէինք նաեւ ամենայն բարին ու լաւագոյնը հասցէագրուած բոլորին՝ անկարին ու տկարին, հիւնադին եւ առողջին հաւասարապէս եւ անպայման աշխարհացրիւ մեր հայութեան՝ Սփիւռք, հայրենիք, Արցախ եւ կամ Ջաւախք ապրող մեր ժողովուրդին ազատ, անկախ ու բարգաւաճ ապրելուն, անոնց բարօր կեանքին, մեր ազգային դատի արագ ու արդար լուծման կամ ճանաչման եւ մանաւանդ՝ մեր ազգային ինքնութեան ամուր պահպանման:

Ահա թէ ինչու այս տօնը, ինծի համար մեծ խորհուրդ մըն ալ ունի իր ետին, գաղտնի, կատարեալ եւ անթերի:

Այս բոլորէն ետք, նոյն այդ օր, հնդկահաւով ճոխացած ու զարդարուած տօնական մեր սեղաններու շուրջ համախմբուած, երբ անկախ Արցախին ի նպաստ յատուկ թելէթոնին կատարած ենք մեր սրտաբուխ նուիրատուութինները, յանկարծ կը յիշենք նաեւ, որ ամիս մը ետք, ահա կը հասնին Ամանորն ու անկէ վերջ Ամենակալին միակ որդիին Սուրբ Ծնունդը:

Անգամ մը եւս մեզմէ շատերուն դէմքերը ինքնածին ու գոհունակ եւ ինչու չէ նաեւ երանութեան ժպիտով մը կÿողողուին: Մեզմէ շատեր իսկապէս արդէն երջանիկ են, որովհետեւ առողջ են: Ուրիշներ իրենց յաջողութիւններով կը պարծենան: Ոմանք ալ, հակառակով՝ կը տխրին: Նոյնիսկ հիւանդներ իրենց ապաքինման ի խնդիր երկիւղած եւ մեծ աղերսանքով, դէպի Ամենակալ ու Անոր Միածինին նոր եւ առատ խնդրանքներ կը ղրկեն:

Այլ խօսքով՝ ամէն անհատ իր «փառք» տալուն կողքին, իր մտքին մէջ նոր խնդրանքի կամ խնդրանքներու ծնունդն ալ կու տայ՝ ինքնաբերաբար:

Իսկ ես, իմ կարգիս, տօնական այս օրուան եւ ինչու գալիքներուն համար անպայմանօրէն կը յիշեմ մօրմէս ժառանգ մնացած իր աղերսներէն քանի մը հատը, ու զանոնք կը փորձեմ բարձրաձայն կամ անձայն ու նոյնիսկ անաղմուկ դէպի երկինք ղրկել, աղաչելով.-

Ո՛վ Տէր, տո՛ւր ինծի ուժ, որպէսզի կարողանամ իբրեւ պարտականութիւն կատարել կամ փոխել այն ամէն ինչը, որ ցարդ չեմ կարողացած խղճմտօրէն ու արդար՝ կատարել կամ փոխել:

Տո՛ւր, ինծի Տէր համբերութիւն, որպէսզի կարողանամ հաշտուիլ այն ամէն բանի հետ, որ իբրեւ պարտականութիւն պէտք էր, որ տանէի եւ չեմ կրցած տանիլ կամ ընել եւ կամ փոխել:

Եւ վերջապէս…, տո՛ւր, ինծի Տէր իմաստութիւն…, որպէսզի կարողանամ զանազանել առաջինը, երկրորդէն:

Մինչ այդ՝ բարի «Գոհաբանութեան Օր» բոլորիդ:

 Գէորգ Պետիկեան

hairenikweekly.com

Scroll Up