Բակօ Սահակեան Լոս Անճելըսի Մէջ Հանդիպած Է ՀՕՄ-ի Ներկայացուցիչներուն

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 25-ին Լոս Անճելըսի մէջ այցելած է Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Արեւմտեան ԱՄՆ-ի շրջանային վարչութիւն եւ հանդիպում ունեցած կազմակերպութեան անդամներուն հետ` ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեանի գլխաւորութեամբ:

Այս մասին ինչպէս կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի լրատուական կեդրոնէն, երկրի ղեկավարը ՀՕՄ-ը համարած է Սփիւռքի ամենակայացած կառոյցներէն մէկը` կարեւոր նկատելով անոր գործունէութիւնը ինչպէս հայրենիքի մէջ, այնպէս ալ անոր սահմաններէն դուրս:

Բակօ Սահակեան նշած է, որ կազմակերպութեան կողմէ Արցախի մէջ իրականացուող աշխատանքները հայրենասիրութեան լաւագոյն դրսեւորումներէն են եւ ակներեւ ազդեցութիւն ունին մեր հանրապետութեան կեանքին մէջ: Նախագահ Սահակեան նաեւ պատասխանած է ներկաներուն կողմէ բարձրացուած տարաբնոյթ հարցերուն:

Նախագահին ուղեկցած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Սարգսեան, պաշտօնատար այլ անձիք:

Scroll Up