Թուրքիան Սպառնացած Է ԱՄՆ-֊ին Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ընդունելու Հարցով

Թուրքիան այլ պետութիւններու, որոնց շարքին՝ ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւններուն մէջ գործի դրած է շանթաժի մեքանիզմը` Հայոց ցեղասպանութեան հարցով շարունակելով իր հակաքարոզչութիւնը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, ընդունելով Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպան Ճոն Պասսը, հանդիպման ընթացքին քննարկման առանցքային նիւթ դարձրած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր 100-րդ տարելիցի առնչութեամբ ԱՄՆ-ի մէջ հայկական համայնքի գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ հարցը ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատ վերադարձնելու ձեռնարկումները` խօսելով սպառնալիքներու լեզուով:

Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես-ը, վկայակոչելով թրքական Demokrathaber.net-ը:

Չաւուշօղլուն սպառնական ոճով յայտնած է դեսպանին, որ “եթէ 2015 թուականին իրաւական հիմք ստանան “ցեղասպանութեան մասին պնդումները”, ապա Անգարան ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւնները հիմնովին աչքի պիտի անցկացնէ”: Դեսպան Պասսի հետ հանդիպումին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ թրքական պաշտօնական թեզերու հիմնական կէտերը` նշելով, որ “դէպքերը իբրեւ “ցեղասպանութիւն” ընդունիլը բացասաբար պիտի ազդի ինչպէս երկու պետութիւններու յարաբերութիւններուն, այնպէս ալ ամբողջ տարածաշրջանի զարգացման վրայ”: Ան պնդած է, որ “1915 թուականի վերաբերեալ թրքական արխիւային փաստաթուղթերու տեղեկութիւնները ամբողջովին կը տարբերին հայերու մատնանշած իրողութենէն”:

Խօսելով տարբեր երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւերու ընդունման եւ քննարկումներուն մասին` Չաւուշօղլուն բողոքած է, որ երրորդ երկրի մը միջամտութիւնը այդ հարցին միայն կը մթագնէ այդ երկրի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները: Ան յայտնած է իր ակնկալիքները, որ այդ երկիրները յառաջիկային խուսափին նմանօրինակ որեւէ ձեռնարկումէ:

Scroll Up