Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Քեսապի Ազգ․ Ուսումնասիրաց ճեմարան (լուսանկարներ)

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Շահան Սրբ․ Արք․ Սարգիսեանն եւ Ազգ․ Վարչութեան անդամ Զարեհ Փօլատեան, Նոյեմբեր 25-ին այցելեցին Քեսապի Ազգ․ Ուսումնասիրաց ճեմարան, խրախուսեցին աշակերտութիւնն ու հանդիպում ունեցան ճեմարանի տնօրէնութեան, հոգաբարձութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ, զրուցելով վարժարանի ուսումնակրթական ընթացքին, դժուարութիւններուն եւ աշակերտներու ընդհանուր վիճակին շուրջ։ Այս մասին “Հայերն այսօր”-ին կը յայտնէ Գանձասար շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան։

Սրբազան հայրը յորդորեց մշտանորոգ թափով ու կորովով լրումին հասցնել ուսումնական տարին եւ խաղաղութիւն մաղթեց սուրիական հայրենիքին ու Քեսապին, բարձր գնահատելով աշակերտներուն հետեւողական ընթացքը։ Սրբազան Հայրը շեշտեց նաեւ, որ ողջ հայութիւնը ամբողջականօրէն զօրավիգ կը կանգնի սուրիահայ վարժարաններուն եւ աշակերտութեան։

22 32

Scroll Up