Թորոնթոյի «Հայրենիք» Ամսագիրի Հիմնադիր Նունէ Զոհրապեան Այցելեց ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/11/01265.jpg)
Նոյեմբեր 25-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Գանատայի «Հայրենիք» երկլեզու հանդէսի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Նունէ Զոհրապեանը:
Ողջունելով հիւրը` ՀՀ սփիւռքի նախարարը նշեց, որ Սփիւռքի մէջ լոյս տեսնող հայատառ որեւէ լրատուամիջոց հայապահպանութեան հնարաւորութիւն եւ ազդակ է, ուստի նախարարութիւնը կը խրախուսէ եւ կ’աջակցի նման պարբերականներու աշխատանքներուն:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան արժեւորեց նաեւ Նունէ Զոհրապեանի` Թորոնթոյի մէջ հայապահպանութեան ուղղուած ջանքերը: «Ուրախալի է, որ 5 տարի անընդմէջ Թորոնթոյի հայ համայնքում կազմակերպում էք հայ նկարիչների նկարների ցուցահանդէս, իսկ այս տարի նախաձեռնեցիք հայ մանուկների նկարչական ձիրքերը յայտնաբերելուն ուղղուած ցուցահանդէս-միջոցառում», – նշեց ան:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` «Հայրենիք» հանդէսի խմբագիրը նշեց, որ կը ցանկայ մօտիկէն ծանօթանալ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն, ատոնց մասին անդրադառնալու հանդէսի էջերուն վրայ եւ ներկայացնելու Թորոնթոյի հայ համայնքին:
«Հայրենիք» հանդէսը լոյս կը տեսնէ տարուան մէջ 4 անգամ` հայերէն եւ ռուսերէն: Պարբերականի համացանցային տարբերակը ստեղծման փուլին մէջ է, որ կը գործէ հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն լեզուներով:
Ամսագիրին մէջ կը տպագրուին հայ-գանատական կապերուն, համատեղ ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող մշակութային ձեռնարկներուն, հայաստանեան գործարար-աշխարհին վերաբերող նիւթեր, կը քննարկուին ոչ միայն Թորոնթոյի, այլ ամբողջ Գանատայի հայ համայնքի խնդիրներն ու հարցերը: