«1915». Սերժ Թանքեան Ցեղասպանութեան Նուիրուած Շարժանկարի Համար Երաժշտութիւն Կը Գրէ

Ամերիկահայ ռոք երգիչ, երգահան, յայտնի «System of a Down» ռոք խումբի մենակատար Սերժ Թանքեան երաժշտութիւն կը գրէ Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած նոր` «1915» շարժանկարին համար:

Շարժանկարի  սենարի հեղինակներն են Կարին Յովհաննիսեան եւ Ալէք Մուհիպեան:

«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ` շարժանկարի պաշտօնական ֆէյսպուքեան էջն ալ կը տեղեկացնէ, որ «Կրեմմի» մրցանակի դափնեկիր Սերժ Թանքեան իր նախափորձը պիտի ընէ իբրեւ շարժանկարի երաժշտահան` երաժշտութիւն գրելով «1915» շարժանկարին համար: « «1915»-ը անհաւանական գեղարուեստական ֆիլմ է` լի հոգեկան ցնցումով, խորութեամբ, անորոշութեամբ եւ որոշակի մոգութեամբ` միեւնոյն ժամանակ մնալով պատկերաւոր եւ ժամանակակից- հազուագիւտ երեւոյթ այսօրուան ֆիլմերուն մէջ: Ես հաճոյք կը ստանամ` ատոր համար ստեղծելով երաժշտական աշխարհ»,- գրած է ան:

«1915»-ը հոգեբանական ցնցումներով կը ներկայացնէ ժամանակակից պատմութեան ամենասոսկալ իրադարձութիւնները: Շարժանկարը կը հետեւի  մարդու մը վիճելի առաքելութեան, որ ցանկութիւն ունի կեանքի բերելու մոռցուած ցեղասպանութեան հոգիները:
Imdb.com կայքը կը տեղեկացնէ, որ շարժանկարի առաջին ցուցադրութիւնը  տեղի պիտի ունենայ ԱՄՆ Քալիֆորնիոյ նահանգի Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ` 2015 թուականի Ապրիլ 24-ին: Շարժանկարի գլխաւոր դերերուն մէջ հանդէս պիտի գան դերասաններ Սիմոն Աբգարեան (կերպարը` Սիմոն), Սեմ Փէյճ (ճէյմս) եւ Անժէլա Սարաֆեան (Անժէլա): Հայ դերասանուհի Անժէլա Սարաֆեան յայտնի է յատկապէս «Մթնշաղ. սագա.Լուսաբաց», «Պարանոյա», «Ներգաղթեալ» շարժանկարներէն: Դերասան Սիմոն Աբգարեանն ալ ճանչցուած է «Արարատ», «Քազինօ Ռոյալ», «Խզում» (The Cut) շարժանկարներէն:

Այլ դերերու մէջ հանդէս պիտի գան Ճիւ Փիդոքը (Ճեֆրի), Քորթնի Հալուերսոն (Լաքի), Տեփրա Քրիսթոֆերսոն (Լիլիան), Նիկոլա Գինսգին (Թօնի), Մայլս Քրանտորտը (Ռէյ) եւ այլք:

Scroll Up