«Ֆրանքոֆոն Հայաստանը Եւ Հայերը». Հայաստանը Պուխարեստի Գիրքի Միջազգային Ցուցահանդէսին Մէջ

Նոյեմբեր 19-23 Պուխարեստի մէջ կայացաւ «Gaudeamus» գիրքի միջազգային ցուցահանդէսը, որուն արդէն երկրորդ տարին կը մասնակցէր նաեւ Հայաստան` իբրեւ Ֆրանքոֆոնիայի անդամ երկիր: Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը Ֆրանքոֆոն երկիրներու խումբի կազմին ֆրանքոֆոնիայի տաղաւարին մէջ առանձին բաժինով ներկայացուց ֆրանսերէնով  քանի մը տասնեակ հրատարակութիւններ` «Ֆրանքոֆոն Հայաստանը եւ հայերը» խորագիրի ներքոյ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Պուխարեստի գիրքի միջազգային ցուցահանդէսի ֆրանքոֆոնիայի տաղաւարի հանդիսաւոր բացումը կայացաւ Նոյեմբեր 19-ին` ֆրանքոֆոն երկիրներու դեսպաններու եւ ֆրանքոֆոնիայի տարածաշրջանային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:

Հայաստանի բաժինին մէջ ներկայացուած էին ժամանակակից Հայաստանի, հայ ժողովուրդի պատմութեան, հնամենի քաղաքակրթութեան եւ մշակոյթի վերաբերեալ Հայաստանի, Ֆրանսայի եւ Գանատայի մէջ ֆրանսերէնով հրատարակուած ուսումնասիրութիւններ, գեղարուեստական գրականութիւն, հայ նշանաւոր նկարիչներու ալպոմներ, մեծ ցուցահանդէսներու ցուցակներ, պարբերականներ, հայ հեղինակներու ֆրանսերէն թարգմանութիւններ եւ ֆրանսագիր հայ գրողներու գործեր:

Ձեռնարկներու շարքին կայացան կլոր սեղաններ, բանախօսութիւններ, ռատիօզրոյցներ եւ հանդիպումներ տարբեր երկիրներու ֆրանսագիր գրողներու հետ: Նոյեմբեր 20-ին ռուման գրականագէտ, Պուխարեստի համալսարանի փրոֆէսոր Միխայիլ Զամֆիրը ներկայացուց Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու մատեան» վէպի ֆրանսերէն թարգմանութիւնը, իսկ Նոյեմբեր 21-ին «Meteor Press» հրատարակչութիւնը ներկայացուց Լեւոն Յարութիւնեանի «Սիպիր. Տարած-ետ բերած» յուշերու գիրքն ու սպանացի գրող Մարիա Անխելս Անկլատայի «Արամի գրառումները» վիպակը:

Գիրքերու ներկայացման ժամանակ հայ ժողովուրդի պատմութեան ու Հայոց ցեղասպանութեան եւ ատոր հետեւանքներուն մասին ելոյթներով հանդէս եկան Ռումանիոյ նախկին արտաքին գործերու նախարար, պատմաբան Ատրիան Չորոյանուն, Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Համլէտ Գասպարեան եւ գրող-հրապարակախօս Պետրոս Խորասանջեան:

 

Scroll Up