Հալէպի Արեւմտեան Գիւղերուն Մարդասիրական Օգնութիւն Տրամադրուած Է

Հալէպի մարզպետարանը, ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերով գրասենեակին հետ համագործակցելով, ինչպէս նաեւ սուրիական «Կարմիր մահիկ» կազմակերպութեան օժանդակութեամբ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրած է Հալէպէն արեւմուտք գտնուող գիւղերու բնակիչներուն:

Այս մասին  կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը` վկայակոչելով սուրիական Սանա գործակալութիւնը, Հալէպի մարզպետարանի խորհուրդի անդամ Ապտ ալ Ղաննի Գասապը նշած է, որ մարդասիրական օգնութեան շարասիւնը բաղկացած եղած է  մթերքներով, ծածկոցներով, ներքնակներով, խոհանոցային պարագաներով բեռնաւորուած 7 բեռնատարէ:

Օգնութիւնը նախատեսուած է 7 հազար ընտանիքներու համար:

Մարզպետարանի մէկ այլ անդամ` Ապտ Ալլահ ալ Ուարտին նշած է, որ մարզպետարանը ջանքեր կը գործադրէ մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու քաղաքի եւ գիւղերու կարիքաւոր բնակիչներուն:

Scroll Up