Զոհուած Օդաչուներուն Մարմինները Կ՛ամփոփուին “Եռաբլուր”-ի Մէջ

Ատրպէյճանի Զինուած ուժերուն կողմէ զգետնուած ուսումնավարժական ուղղաթիռի օդաչուներուն հոգեհանգիստի արարողակարգը, քաղաքացիական եւ զինուորական հրաժեշտի արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ Նոյեմբեր 24֊-ին` ժամը 17.00-20.00-ը, Նոր Նորքի Սուրբ Սարգիս եկեղեցիին մէջ (Նոր Նորքի 5-֊րդ զանգուած):

Ինչպէս կը տեղեկաղնէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, Նոյեմբեր 25-֊ին` ժամը 13.00-ին, զոհուած օդաչուներու աճիւնները Սուրբ Սարգիս եկեղեցիէն պիտի տեղափոխուին “Եռաբլուր” զինուորական պանթէոն:

Նոյեմբեր 25-ին` ժամը 14.00-֊ին, տեղի պիտի ունենայ սգոյ երթ “Եռաբլուր” զինուորական պանթէոնին մէջ եւ յուղարկաւորութիւն զինուորական արարողակարգով:

Scroll Up