Աւարտեց ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Աշխատանքային Այցը Մեծ Բրիտանիա (լուսանկարներ)

Նոյեմբեր 18-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան աշխատանքային այցով կը գտնուէր Լոնտոնի մէջ, ուր հանդիպումներ  ունեցած է ՍԴՀԿ ներկայացուցիչներուն հետ, այցելած է Հայկական խորհրդատուութեան եւ խորհուրդի «Հայաշէն» կեդրոն, որ կը զբաղի հէնց ներգաղթած հայերու խնդիրներով: Քննարկուած են հայապահպանութեան, լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման, ինչպէս նաեւ համայնքնային խնդիրներ, խօսուած է Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ կազմակերպուող ձեռնարկները համակարգելու մասին:

Նոյն օրը ՀՀ սփիւռքի նախարարը հանդիպում ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի յիշատակի ձեռնարկները համակարգող յանձնաժողովին (AGCCC) հետ, նախանշուած են յառաջիկայ ընելիքները, մշակուած են միասնական գործողութիւններու, ձեռնարկներու ծրագիրներ:

Նոյեմբեր 19-ին նախարարն այցելած է Սբ. Եղիշէ եկեղեցի, հանդիպած է բրիտանահայ համայնքի ուղեկցութեամբ եկեղեցի այցելած Ուելզի արքայազն Չարլզի եւ բրիտանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Համայն աշխարհի մէջ եւ յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան համար համատեղ աղօթքէն ետք արքայազն Չարլզը կարճատեւ զրոյցներ  ունեցած է նախարարին եւ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Ուելզի արքայազնը նշած է, որ ցաւ կ’ապրի Քրիստոնեաներու հանդէպ բռնաճնշումներու համար եւ Տէր Զօրի հայկական եկեղեցւոյ աւերումը համարած է անմիտ եւ բարբարոս արարք: Ան նաեւ յատուկ գնահատանքի արժանացուց Արմէն եւ Նունէ Սարգսեանները, Վաչէ եւ Թամար Մանուկեանները իրենց բարեգործական ջանքերուն համար, ինչպէս նաեւ իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Վահան Սրբազանին եւ հայ համայքին` ջերմ ընդունելութեան համար:

Հրանոյշ Յակոբեան Լոնտոնի մէջ հանդիպած  է նաեւ Հայ Հիմնարկի (Armenian institute) ղեկավարութեան, ՀՅԴ Համազգային ՀՕՄ եւ այլ կառոյցներու ղեկավարներուն հետ: Քննարկուած են համահայկական առաջնահերթութիւններու ու ազգի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն արժանապատուօրէն դիմակայելու խնդիրներուն հետ կապուած հարցեր:

Երեկոյեան նախարարը մասնակցած է ՀՀ դեսպանութեան անունէն կազմակերպուած ընդունելութեան:

Վերադարձին Աւստրիոյ մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարը հանդիպած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի յիշատակի ձեռնարկները համակարգող յանձնաժողովին հետ:

2 3 5 7

Scroll Up