Հայ Մանուկին Անձնական Աստուածաշունչը. Գրախօսական

Զաւէն Գ. Գրիգորեան Աթէնքէն կը գրէ.

Վերջերս Աթէնք կը գտնուէր, Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան Տնօրէն Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, ուր դպրոցները այցելելով բոլոր աշակերտներուն բաշխեց, հետաքրքրաշարժ, յատուկ պատրաստուած՝ «Հայ Մանուկին Անձնական Աստուածաշունչը» Գիրքը:

Մանուկի կամ աշակերտի մը համար, Աստուծոյ շունչը՝ Աստուածային գոյութեան խորհուրդին ըմբռնումը եւ հասողութիւնը՝ իր մտքին ու հոգիին մէջ բնակիլը եւ մաս կազմելը, ուսումնական աշխարհին մէջ եւ մանաւանդ նախակրթարանի առաջին տարիներուն՝ որպէս կրօնագիտութեան դաս՝ կը մնայ ուսուցման ամենադժուարին նիւթը, մնացեալ բոլոր նիւթերուն եւ առարկաներուն կողքին:

«Հայ մանուկին Անձնական Աստուածաշունչը», կը փորձէ բոլոր ուսուցողական ծանօթ միջոցները, ոճերը օգտագործել, որպէսզի մանուկը իր մտքին եւ յիշողութեան մէջ ունենայ, գիրքէն՝ պատմութեան մը ընդհանուր՛ յստակ՛ հասկնալի եւ ըմբռնուած համայնապատկեր մը, որուն տպաւորութեան ոյժին տակ, կարենայ գծագրական պատկերով մը ինքզինքը արտայայտել իրեն ուսուցուած պատմութեան եւ պատգամին խորհուրդը:

Այս պարագային, մանուկին միտքը պիտի գործէ, ոչ թէ միայն ուսանելու եւ ըմբռնելու իրեն բացատրուած պատմութիւնը, այլ իր մտածողութեամբ եւ իր ներաշխարհին վրայ ձգած տպաւորութեամբ եւ հասկացողութեամբ պիտի փորձէ գործնականօրէն գծագրական ստեղծագործութեամբ ներկայացնել իրեն աւանդուած պատմութիւնը:

Այս ուսուցողական հարուստ դրութեամբ «Method»-ով ընկալուած պատմութիւն մը, ոչ թէ միայն մանուկի յիշողութեան մէջ անմոռանալի տպաւորութիւն կը ձգէ, այլ միեւնոյն ժամանակ, իր մտային ենթագիտակցութեան պաստառին վրայ, ուրուագծային պատկերով մը կ’արտացոլուի իր գծագրութիւնը եւ այդ պատկերին պատմութիւնը:

Գիրքը սակաւաթիւ ուսումնական գիրքերէն է, որ այսքան մանրամասն՝ ուսուցողական դրութեան՛ նրբին մասնագիտացած յատկանիշերը կը բացատրէ, օժանդակելու համար, նիւթին ըմբռնումին եւ ընկալման:

Գիրքը ուսուցանողը, նախ քան դասագիրքը դասաւանդելու սկսիլը, պէտք է պատրաստած ըլլայ, բոլոր անհրաժեշտ օժանդակ իրերը՝ որոնք յիշուած են գիրքին մէջ:

Գիրքի ունի հրաշալի կատարեալ բացատրողական ուղեցոյց յառաջաբան, որ մանուկին եւ իրեն ընկերակցող օժանդակ անձին ձեռքէն բռնած կ’առաջնորդէ զիրենք Սուրբ Գիրքէն ընտրուած եւ ներկայացուած պատմութեան պատգամին խորհուրդին՝ ընթերցանութեամբ՛ բացատրութեամբ՛ գաղափարներու մեկնաբանութեամբ՝ յստակացնելով՛ կրկնելով՛ հարց ու փորձերով պատմելով եւ մանրամասնելով:

Այստեղ կ’ուզեմ աւելցնել որ, երբեք պէտք չէ մոռնանք, որ շարադրելը՝ շարադրութեամբ, աշակերտին կամ մանուկին մտքին մէջ կը տպաւորէ՛ կը քանդակէ՛ իրեն դասաւանդուած նիւթը եւ աշակերտը դժուարաւ թէ մոռնայ իր սորվածը:

Եւ երկրորդ՝ շարադրելը՝ աշակերտին մօտ կը զարգացնէ գրելու ընդունակութւնը, որ մեծ դեր կը խաղայ մարդկային մտքի աճումին եւ զարգացման, ինչպէս նաեւ իր գործածած լեզուին յառաջդիմութեան:

Գրքին բովանդակած պատմութիւնները, անկասկած ուսումնասիրուած են Աստուածաշունչի մասնագէտին կողմէ: Ան նկատի առած է, այդ ժամանակաշրջանի մարդկային արտաքին եւ ներքին հոգեկան՛ ընկերային՛ կենցաղային՛ աշխարհագրական՛ պատմական կեանքի նիստ ու կացի յարաբերութիւնները եւ վիճակները, որպէս զի կարենար այսպիսի կատարեալ կարճ, ամփոփ շարադրուած՝ դիւրահասկնալի պատմութիւններով գիրք մը պատրաստել:

«Հայ Աշակերտի Անձնական Աստուածաշունչ»ին՝ բացատրական յառաջաբանը՝ մեծապէս կ’արժեւորէ գիրքին կարեւորութիւնը եւ արժէքը:

Գիրքը ուսուցանողը, պէտք է կատարեալ պատրաստուած ըլլայ դասաւանդելու ինչ որ կը թելադրէ գիրքին դասաւանդելու դրութիւնը:

Նախաբանը կամ վերջաբանը կը յիշատակէ ըսելով որ՝ գիրքը «հիմնուած է Ակադեմական սերտողութիւններու վրայ»:

Ըստ իս, հեղինակը երկար տարիներու ուսումնասիրութիւններու փորձառութիւն ունի, որովհետեւ այսքան մասնագիտացած կիրառական՛ մանրամասն ուսուցողական յօրինուած դրութիւն մը, կրնայ միայն երկար տարիներու անձնական փորձառութիւններու արդիւնք ըլլալ, այսինքն մասնագէ՛տ ուսուցողական ոճին, որովհետեւ անիկա գիտակից է ուսուցողական դժուարութիւններուն եւ գիտէ նաեւ նիւթը մանուկին հաճելի, դիւրաւ ընկալելու ձեւը, որուն շնորհիւ աշակերտը ոչ թէ միայն կը հետեւի դասերուն, այլ ուրախութեամբ կը փնտռէ եւ հաճութեամբ մաս կը կազմէ դասընթացին:

Այս գիրքին՝ կամ այսպէս ըսենք կրօնագիտութեան դասագիրքին ուսուցման դրութիւնը ամբողջական է: Միայն, բոլոր փոքրերը, գծելու՝ այսպէս ըսենք գիծ քաշելու, գունաւորելու, նիւթի մը մասին պատկեր մը գծելով յօրինելու շնորհքը կամ կարողութիւնը չունին: Ուստի, գծագրութիւնը աւելի դիւրացնելու համար, յաւելեալ գիծեր կամ կէտեր պէտք է ունենային, որպէս զի մանուկը գիծերը միացնելով, կարենար առաջնորդուիլ պատկերին պատմութիւնը ամբողջացնելու:

Սակայն եւ այնպէս՛ այս պարագային, եթէ մանուկը մի քանի գիծեր քաշէ եւ միացնէ, իրեն պիտի շնորհէ ուրախութեան եւ գոհունակութեան, քաջալերութեան զգացումը:

Մեծապէս կը շնորհաւորենք եւ կը գնահատենք, Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւնը, Տնօրէնութիւնը, թարգմանական աշխատանքը կատարող՝ Դոկտ. Արտա Ճէպէճեանը, աշխատակազմը, ինչպէս նաեւ սոյն գիրքը յօրինող եւ ուսուցողական դրութիւնը պատրաստող եւ յառաջաբանը գրող՝ հոգեւոր արժանաւոր հովիւ՝ Միքայէլ Լանտկրաֆը:

Վարձքերնիդ կատար բոլորիդ, որ մարդկային հոգին զինող՛ հարստացնող՛ մարդացնող եւ մանուկին հոգիին մէջ Աստուծոյ գաղափարին կանթեղը վարող Աստուծոյ խօսքին ծառայողներ:

Դուք շնորհալի եւ պատուաբեր գործ մը կատարած էք:

Scroll Up