Թուրքիոյ Հայկական Դպրոցները Կը Ցանկան Կրօնի Առարկայի Քննութիւնը Իրականացնել Հայերէնով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/11/01216.jpg)
Նոյեմբեր 26-27-ին Թուրքիոյ մէջ շուրջ 1 մլն 287 հազար աշակերտ (8-րդ դասարանցիներ) կը մասնակցին միասնական քննութիւններուն` հիմնական դպրոցներէն միջնական դպրոցներ ընդունուելու համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ Ermenihaber.am-ը:
Սակայն, ինչպէս կը տեղեկացնէ թրքական «Արճա աճանս» լրատուական կայքը, դեռեւս պարզ չէ, թէ ինչպէս քննութեան պիտի մասնակցին մասնաւոր եւ ազգային փոքրամասնութիւններուն պատկանող դպրոցներու աշակերտները:
Փոքրամասնութիւններուն պատկանող դպրոցներու ինչպէս նաեւ հայկական դպրոցներու աշակերտներուն համար դեռեւս չէ լուծուած կրօնի դասի խնդիրը: Կը նշուի, որ հայկական դպրոցները նախարարութենէն պահանջած էին, որպէսզի կրօնի առարկայի քննութիւնը իրականացուի հայերէն լեզուով: Խնդրին վերաբերեալ դեռեւս վերջնական որոշում չէ կայացուած: Սակայն, յայտնի է, որ հայկական դպրոնցերը սեփական կրօնի առարկայի առնչութեամբ խնդրագիր ներկայացուցած են նախարարութեան:
Նշենք, որ Օսմանեան ժամանակաշրջանին կառուցուած բազմաթիւ հայկական դպրոցներ Հայոց ցեղասպանութենէն եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակումէն ետք սկսան աստիճանաբար փակուիլ: Այժմ Թուրքիոյ մէջ կը գործէ 19 հայկական դպրոց, որոնցմէ 6-ը կը պատկանի տեղի կաթոլիկ հայ համայնքին: Հայկական դպրոցներ յաճախող աշակերտներուն թիւը կը հասնի 3 հազարի: Համեմատութեան համար նշենք, որ 1914-ին Պոլսոյ մէջ (Սթամպուլ) գործած է 64 հայկական դպրոց, ուր ուսանած է 25 հազար աշակերտ: Իսկ 19-րդ դարու վերջը Պոլսոյ մէջ եղած է 90 հայկական դպրոց: