Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարար. Հայաստանի Եւ Լիբանանի Միջեւ Զբօսաշրջային Յարաբերութիւնները Հզօրացնելու Անհրաժեշտութիւն Կայ
Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Միշէլ Ֆարաոն կոչ ըրած է զբօսաշջութեան ոլորտին մէջ ամրապնդել Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ համագործակցութիւնը` հաշուի առնելով երկու երկիրներու միջեւ առկայ երկարատեւ կապերը: Այս մասին կը յայտնէ panorama.am-ը՝ վկայակոչելով The Daily Star-ը:
“Երկու երկիրներու միջեւ զբօսաշրջային յարաբերութիւնները հզօրացնելու անհրաժեշտութիւն կայ, քանի որ մեր ժողովուրդները բարեկամներ են, իսկ մեր երկիրները ընկերներ են, եւ մենք շատ կապուած ենք իրարու”,-կ՛ըսուի նախարարին յայտարարութեան մէջ:
ֆարաոն ընդգծած է Լիբանանում հայկական սփիւռքի կարեւորութիւնը, որ Լիբանանի բնակչութեան անբաժանելի մասն է: Ըստ անոր` Լիբանանը կը խրախուսէ իր քաղաքացիներուն` Հայաստան կատարած այցերը, որոնք կը նպաստեն զբօսաշրջութեան ոլորտի վերականգնումին: