«Ուրախացիր Եւ Ուրախացուր» Տօնավաճառ Լիբանանի ՔԱՀԼ «Հայ Տարեցներու Տան» Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՔԱՀԼ «Հայ տարեցներու տան» տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ «Ուրախացիր եւ ուրախացուր» տօնավաճառը` հաստատութեան սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը:

Տօնավաճառին ընթացքին վաճառուեցան համեղ անուշեղէնի տեսակներ, խմորեղէններ, որոնք պատրաստուած էին տարեցներու տան խոհանոցին վարպետ խոհարարներուն կողմէ, հայկական ընտիր գինիներ, ինչպէս նաեւ` Կաղանդին վերաբերող գեղեցիկ զարդարանքներ:

Շաքէ Գարայեան, որ մաս կը կազմէ կազմակերպող տիկնանց յանձնախումբին, լուսաբանեց տօնավաճառին հիմնական նպատակներէն մէկը, որն է հայորդիները մօտէն ծանօթացնել հաստատութեան և տարեցներուն: Ան նաեւ մեկնաբանեց «Ուրախացիր եւ ուրախացուր»  խորագիրը` ըսելով, որ անոնք, որոնք անձամբ մասնակից կը դառնան տօնավաճառին, թէ՛ անձնական գոհունակութիւն կը ստանան, թէ՛ ալ  կ՛այցելեն սպասող հայ ծերունիներուն` անոնց պարգեւելով յոյս եւ ուրախութիւն:

Յիշեցնենք, որ տօնավաճառը շարունակուեցաւ մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 5:00:

Այստեղ նշենք, որ Հայ տարեցներու տան խոհանոցը պատրաստ է ընդառաջելու հայորդիներու ճաշի բոլոր տեսակի ապսպրանքներուն:

Scroll Up