ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Տեսաժողով Ուզպեքստանի Հայկական Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/11/110.jpg)
Նոյեմբեր 20-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ տեսաժողով Ուզպեքստանի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, ժողովը վարեց ԱՊՀ համայնքներու վարչութեան պետ Թ. Ներսիսեան:
Տեսաժողովի մասնակիցներուն ողջունեց ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Ս.Սրապիոնեան եւ փոխանցեց Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Մեր գերխնդիրը հայկական սփիւռքը հայեցի պահելն է: Կարծում ենք` եկեղեցու շուրջ համախմբումը դարեր շարունակ հանդիսացել է ազգի գոյատեւման գրաւական, եւ մի՛ մոռացէք, որ Հայրենիքը միշտ ձեզ հետ է` իր ունեցած բոլոր հնարաւորութիւններով: Միասին մենք բռունցք ենք, ուժ ենք եւ միասին կարող ենք դիմակայել այսօրուայ բոլոր մարտահրաւէրներին: Պէտք է ապրենք, գոյատեւենք ու շէնացնենք մեր հայրենիքը»:
Ողջունելով տեսաժողովի մասնակիցները` Ուզպեքստանի հայկական համայնքի խնդիրներն ու կարիքները ներկայացուց Ուզպեքստանի հայկական ազգային մշակութային կեդրոնի նախագահ Մարտին Սէթեան: Ան նշեց, որ 60.000 անդամ ունեցող համայնքը միասնական է, ամուր եւ համախմբուած: Շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան ուղարկած դասագիրքերուն համար: Համայնքի ներկայացուցիչը մտահոգութիւն յայտնեց Թաշքենտի մէջ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն չունենալու եւ Թաշքենտ Երեւան օդային կապի բացակայութեան յարուցած դժուարութիւններուն վերաբերեալ:
Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Ս.Համբարեան ներկայացուց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրները, կարեւոր համարեց այդ ծրագիրներուն, յատկապէս` «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» 2014թ. մրցանակաբաշխութեան եւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի աշխատանքներուն Ուզպեքստանի հայկական համայնքի մասնակցութիւնը:
Համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ քննարկուեցան համահայկական 5-րդ համաժողովի կողմէ իբրեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան գաղափարական հենք հռչակուած համազգային առաջնահերթութիւնները եւ ատոնց կենսագործման ուղղուած աշխատանքները, ԱՊՀ հայ համայնքներու կրթամշակութային խնդիրներու լուծման օժանդակութեան ծրագիրին Ուզպեքստանի հայկական համայնքի մասնակցութեան, Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ կազմակերպուող ձեռնարկներուն հետ կապուած հարցեր: Քննարկման Ուզպեքստանի
հայկական ազգային մշակութային կեդրոնի նախագահ Մարթին Սէթեանէն բացի կը մասնակցէին նաեւ «Դէպի ապագայ» ամսագիրի խմբագիր Գէորգի Սահակովը, Թաշքենտի հայկական մշակութային կեդրոնի նախագահ Կարինէ Մարտիրոսեանը, Թաշքենտի հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէնը եւ ուսուցիչներ:
Տեսաժողովի արդիւնքներն ամփոփեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ԱՊՀ հայ համայնքներու վարչութեան Միջինասիական երկիրներու հայ համայնքներու հետ կապերու բաժինի պետ Ա. Զոհրաբեան: Ան կոչ ըրաւ աւելի սերտացնելու համագործակցութիւնը Սփիւռքի նախարարութեան հետ` ի շահ մեր ընդհանուր հայրենիքի, համատեղ լուծելու համահայկական նշանակութեան խնդիրները: