Ասկերանն ու Ֆրանսայի Պուք Պէլ Էր Քաղաքը Բարեկամութեան Հռչակագիր Ստորագրած Են

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանի` Ֆրանսա կատարած այցելութեան ծիրէն ներս Պուք Պէլ Էրի քաղաքապետարանին մէջ Նոյեմբեր 19­ին ստորագրուած է բարեկամութեան հռչակագիր` Լեռնային Ղարաբաղի Ասկերան եւ Ֆրանսայի Պուք Պել Էր քաղաքներու միջեւ:

ԼՂՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ` հռչակագիրը կ’ողջունէ ազատ եւ ժողովրդավարական հասարակութիւն ստեղծելուն եւ զարգացնելուն ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի եւ իշխանութիւններու հետեւողական քայլերը եւ անընդունելի կը համարէ Արցախի ժողովուրդի մեկուսացումը: Այն նպատակ ունի ամրապնդելու երկու քաղաքներու միջեւ բարեկամական կապերը եւ համատեղ համագործակցութիւն հաստատելու կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան բնագաւառներուն մէջ:

Artsakhpress-ի փոխանցմամբ` ստորագրման արարողութեան աւարտին ԼՂՀ մշակոյթի նախարար Նարինէ Աղաբալեան, Պուք Պէլ Էրի քաղաքապետ Ռիշար Մալիէն, Ֆրանսայի մէջ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը եւ Մարսէլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխհիւպատոս Սամուէլ Լալայեանը մասնակցած են Պուք Պէլ Էրի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ կազմակերպուած «Արցախի ձայներ» խումբի համերգին:

Scroll Up