Նախագահը Վազգէն Գալթաքճեանը Պարգեւատրած Է Մխիթար Գօշ Մետալով

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր ընդունած է Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան հայ-ամերիկեան խորհուրդի Լուիզիանայի մասնաճիւղի նախագահ, ՍԴՀԿ կեդրոնական վարչութեան անդամ Վազգէն Գալթաքճեանը եւ կուսակցութեան կեդրոնական ու Հայաստանի վարչութիւններու  խումբ մը ներկայացուցիչներ:

Այս մասին  «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի մամլոյ ծառայութենէն, Հանրապետութեան Նախագահը Վազգէն Գալթաքճեանը պարգեւատրած է Մխիթար Գօշ մետալով` ծաւալած հայանպաստ ակնառու գործունէութեան, հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար, շնորհաւորած ՀՀ պետական բարձր պարգեւի արժանանալու կապակցութեամբ եւ մաղթած յետագայ յաջողութիւններ:

Վազգէն Գալթաքճեան իրեն համար մեծ պատիւ  համարած է  Հայրենիքի բարձր պարգեւին արժանանալը, երախտագիտութիւն յայտնած այդպիսի գնահատականի համար եւ ընդգծած, որ ԱՄՆ-ի մէջ ու յատկապէս իր նահանգ` Լուիզիանայի մէջ, այսուհետեւ եւս պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը ի շահ Հայրենիքին, Արցախին եւ համայն հայ ժողովուրդին:

01 03

Scroll Up