ԵԽԽՎ-ն Ընդունած Է Սաֆարովին Ներում Շնորհելու Համար Ատրպէյճանը Դատապարտող Բանաձեւ

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի մշտական յանձնաժողովը դատապարտած է Ատրպէյճանին այն հարցին մէջ, որ վերջինս, օգտագործելով ԵԽ համաձայնութիւններէն մէկը, դատապարտեալ Ռամիլ Սաֆարովին արտայանձնելէ անմիջապէս յետոյ ազատ արձակել:
Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը` ըստ ԵԽԽՎ պաշտօնական կայքին:
Միացեալ Թագաւորութեան պատգամաւոր Քրիստոֆեր Չոպի զեկոյցի հիման վրայ կազմուած եւ Պրիւքսէլի մէջ իրականացուած քննարկումներու արդիւնքով ընդունուած բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ «Դատապարտուած անձանց արտայանձնման մասին» համաձայնութեան 12-րդ յօդուածի կիրառումը ատրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովի պարագային «Միջազգային յարաբերութիւններու մէջ բարեխիղճ սկզբունքներու եւ օրէնքի գերակայութեան խախտում է»:
Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ Ռամիլ Սաֆարով ՆԱԹՕ-ի դասընթացներու ծիրէն ներս հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանին սպանելու համար 2007 թուականին դատապարտուած էր ցմահ ազատազրկման` 30 տարի առանց ներման իրաւունքի: Հունգարիոյ մէջ 8 տարի բանտարկուած մնալէ ետք ան արտայանձնուած էր Ատրպէյճանին այն համաձայնութեան հիմունքներով, որ թոյլ կու տայ օտարերկրացի կալանաւորներուն, մարդասիրական նկատառումներէ ելլելով, տեղափոխել իրենց երկիր:
Սակայն Ատրպէյճան հասնելուն պէս Սաֆարովին դիմաւորած էին իբրեւ ազգային հերոսի եւ համաներում շնորհած անոր: ԵԽԽՎ մշտական յանձնաժողովի ընդունած բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ համաձայնութեան մէջ չէ նախատեսուած անմիջապէս ազատ արձակել բանտակայլներուն հայրենիք վերադարձնելէ ետք:
2004թ. Փետրուար 19-ի գիշերը Ռամիլ Սաֆարով թաքուն մտած էր Գուրգէն Մարգարեանի սենեակ եւ կացինահարած քնած հայ սպային:
Երկարատեւ դատական գործընթացէ ետք 2006թ. Ապրիլին Սաֆարով Պուտապեշտի դատարանի կողմէ ցմահ ազատազրկման դատապարտուած էր` 30 տարի առանց ներման իրաւունքի: Հունգարական դատարանը բազմիցս յայտարարած էր Սաֆարովը` հայրենիքին արտայանձնելու անհնարինութեան մասին, սակայն 2012թ. Օգոստոս 31-ին Սաֆարովին արտայանձնեցին Ատրպէյճանին, ուր մարդասպանին նախագահ Ալիեւն անմիջապէս ներում շնորհեց, զինուորական բարձր կոչում տուաւ եւ միանուագ վճարեց 8 տարուան աշխատավարձը: Նոյն օրը պաշտօնական Երեւանը խզեց դիւանագիտական յարաբերութիւնները Պուտապեշտի հետ: