Սրտիս Ու Մտքիս Մէջ Դրոշմուած Արցախեան Պատկերներ (Բ.). «Աչքերովդ Պէտք Է Տեսնես, Որպէսզի Հաւատաս»
«Աչքերովդ պէտք է տեսնես, որպէսզի հաւատաս»:
Նախադասութիւն-արտայայտութիւն մը, որ փոքրուց ու տարբեր առիթներով հասած է ականջներուս, թերեւս` առանց շատ խորերը թափանցելու, որովհետեւ յատուկ խորք կամ իմաստ ունենալ չէ յուշած ինծի:
Երէցներու թէ միջին սերունդի ներկայացուցիչներու կողմէ ըսուած այս խօսքին ուժգնութիւնն ու իսկութիւնը տարիներ առաջ ցնցեց ողջ էութիւնս, երբ մայրաքաղաք Երեւանի Մաշտոց պողոտային վրայ գտնուող բարձրայարկ շէնքին յարկաբաժինին պատշգամը կանգնեցայ` Հայաստան այցելելու տարիներու երազիս իրականացման անդրանիկ առաւօտը ողջունելու համար: Սակայն հմայիչ գեղեցկութեամբ ու երկար տարիներու հարազատութիւն յուշող հարսի նման դիմացս փռուած, աչքերուս փայլք ու մտքիս թռիչք տուած «մեր սրտի մայրաքաղաքը» չէր հիմնական գագաթնակէտը իմ ցնծութեանս:
Չէի գիտեր, որ հոն է այդ հրաշքը…
Չէի գիտեր, որ Երեւան հասած առաջին օրէս այդքան պայծառութեամբ պիտի վեհանար դիմացս…
Չէի գիտեր, որ ի՛նչ պիտի զգայի, երբ մեր «աչքերը» հանդիպէին…
Կը կարծէի, որ մեր «տեսակցութիւնը» տարբեր պիտի ըլլար, հոգեպէս պիտի նախապատրաստուէի զինք տեսնելու, մէկը ինծի պիտի ըսէր, որ անոր այցի պիտի երթանք:
Մինչ լայն ու գոհունակութեամբ ծորուն ժպիտով կը փորձէի դիտել երեւանեան եռուզեռի իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն, անհաւատալի ըլլալու տարողութեամբ անսպասելիօրէն կը յայտնուի դիմացս… Պահ մը նայուածքս կը սառի այդ սարին վրայ, սակայն միայն երկվայրկեան մը անց այդ սէգ գմբեթին տարաշխարհիկ սպիտակութիւնը, աներեւակայելի հսկայութիւնն ու հզօրութիւնը սառած նայուածքէս հալած արցունքներով կը լեցնեն աչքերս` հասնելով մինչեւ խորերը սրտիս:
Արարատն է… Այնքա՛ն մօտ կը թուի, որ կարծես կրնամ շոյել զայն, իյնալ գիրկը, փայփայել եւ խոստովանիլ, որ այս հանդիպման երազը շոյած ու փայփայած եմ տարիներ շարունակ, հաւանաբար այն վայրկեանէն, երբ առաջին նախադասութիւններս սկսած եմ կազմել, եւ երբ մեր հայ ուսուցիչները Արարատի նուիրուած բազում բանաստեղծութիւններ սորվեցուցած են մեզի, պատի թերթերուն վրայ Արարատի տարբեր նկարներ զետեղած են, տան մէջ Արարատի պաստառներով այդ վեհութիւնը ապրած է մեզի հետ… Բայց դիմացս յայտնուածը նոյնը չէ, չէ այն, ինչ որ երեւակայած էի, չէ այն, ինչի մասին խօսած էին ինծի, նկարներուն մէջ ամփոփուած սարը չէ, այլ` հսկայ կոյտ մը սպիտակութեան, հսկայ դէզ մը հարազատութեան, հայկական հսկայ է ամբողջական…
Զգացումներուս եռեւեփումին եւ սրտի զարկերուս արագացման պատճառած ցնծութիւնը կը տարածուի մարմնիս իւրաքանչիւր մասնիկին մէջ, մինչ մտովին կը կրկնեմ Չարենցի տողերը, որոնց իսկութեան ականատես կ՛ըլլամ արդէն. «Աշխա՛րհ անցի՛ր, Արարատի նման ճերմակ գագաթ չկայ»: Այդ վայրկեանին նաեւ կը հասկնամ երէցներուն խոհեմ խօսքին արժէքն ու ճշմարտացիութիւնը. «Աչքերովդ պէտք է տեսնես, որպէսզի հաւատաս»:
***
– Արցախ չե՞ս գացած…
Զարմանքով, քիչ մը բարկութեամբ եւ պախարակումով շեշտաւորուած այս հարցումը երեսիս նետուած է բազում անգամներ, յատկապէս` այն անձերուն կողմէ, որոնք գիտեն, թէ գրեթէ տասը անգամ Հայաստան այցելած եմ: Բայց հետաքրքրականօրէն այս կրկնուող հարցումը ամէն անգամ ալ նոյնքան ծանր հարուածի նման կ՛իջնէ մինչեւ սիրտս, կը խանգարէ էութիւնս, ամօթի ու ափսոսանքի զգացումով կը լեցնէ զիս, մանաւանդ երբ հարցումին կը յաջորդէ հաստատումը.
– Արցախը ուրիշ է, հոյակապ է, անբացատրելի…
Կամքն ու մեծ փափաքը ունենալով հանդերձ, չնախատեսուած, սակայն պարտադրուած պատճառներով չէի կրցած ըլլալ այն հողին վրայ, որուն մասին կարդացած ու գրած եմ, լսած ու պատմած, մտածած ու ուրիշները մղած մտածելու, որուն համար լացած եմ ու խնդացած, որուն վերաբերող իւրաքանչիւր ժապաւէն դիտելու մնայուն փորձ ըրած եմ, որուն հետ հարազատ կապի մը գոյութեան հաւատացած եմ միշտ:
Սեպտեմբեր 2014-ին, առանց նախապէս ծրագրելու, նախապատրաստուելու կամ երկար մտածելու, կ՛որոշեմ ընդառաջել առաջարկին այն անձնաւորութեան, որ ո՛չ միայն կը պաշտէ Արցախը, ո՛չ միայն պատերազմական օրերուն իր կարելիով ու անկարելիով ծառայած է անոր, ո՛չ միայն փորձած է իր ներդրումը ունենալ անոր յարութեան մէջ, այլ նաեւ այսօր տարբեր միջոցներով ճիգ չի խնայեր իբրեւ հարազատ զաւակը այդ հողին օժանդակելու անոր հզօրացման:
Սովորական բան չէ Լիբանանի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն դեսպան Կարօ Քեպապճեանին հետ Արցախ ուղեւորուիլը. սովորական չէ ո՛չ թէ այն պատճառով, որ դեսպանի ընկերակցութեամբ ես, այլ որովհետեւ Կարօ Քեպապճեանը ինքնին սովորական անհատականութիւն չէ: Երեւանէն մինչեւ Արցախ, ամբողջ ճամբուն ընթացքին Արցախ հասնելու անոր անհամբեր ու անձկալից վիճակը կը վարակէ երկար սպասումէ ետք Արցախը տեսնելու երազիս իրականացումը տակաւին լրիւ չընկալած էութիւնս, աւելի կարօտագին կը դարձնէ զիս այնքան, որ կ՛ուզեմ դուրս գալ ինքնաշարժէն եւ վազել… Լեռնային Ղարաբաղի մասին Կարօ Քեպապճեանի անվերջանալի, սակայն չկրկնուող իսկական պատմութիւնները, ապրուած պահերու վերյիշումները, հազիւ լռած իմ հարցումներուս ի պատասխան տրուած բացատրութիւնները, փոխանցած մանրամասնութիւնները, երբեմն ուշադրութենէս վրիպած պատկերներու մատնանշումները Արցախի ուրուագիծը քիչ քիչ աւելի յստակ կը դարձնեն ինծի համար: Գիտե՞ս` ինչո՛ւ են այս հողաբլուրները, գիտե՞ս` ինչո՛ւ են օդին մէջ ճօճուող այս թելերը, գիտե՞ս` ինչո՛ւ են գիւղացիներուն տուներուն առջեւ դրուած այս յարդէ «տուփիկները»… Գիտնալով, որ այդ կեանքէն ընդհանրապէս հեռու առօրեայ ունեցող իր ընկերակիցը պատասխան պիտի չունենայ իր հարցումներուն, ինք կը բացատրէ եւ կը լուսաբանէ զիս, թէ ինչո՛ւ այդ բոլորը հոն են, ինչի՛ կը ծառայեն` զիս եւս մասնակից դարձնելով պատերազմ յաղթանակած արցախեան իրողութեան պարտադրած երեւոյթներուն, գիւղացիներուն սովորութիւններուն: Կարծես հարազատի մը տեսութեան գացողի իր խանդավառութիւնը, ուրախութիւնը կը փոխանցուին ինծի` անգամ մը եւս ինծի յուշելով, որ ուշացած էի այս յատկանշական պահը ապրելու: Հայաստան-Լեռնային Ղարաբաղ ճամբուն երկարութեան կամ յոգնեցուցիչ ըլլալուն մասին որեւէ ակնարկութիւն ամբողջովին կը ջրուի, երբ կը տեսնես Կարօ Քեպապճեանին գոհունակութիւնը` այդ ճամբան կտրելու վայելքէն ծնած, երբ կը լսես անոր խոստովանութիւնը, որ եթէ յաճախ այդ ճամբան չբռնէ, անհանգիստ կը զգայ, կը կարօտնայ այդ դարձդարձիկ ու հարազատ ուղիները…
Եռագոյնին ու Արցախի փողփողուն դրօշակներուն կողքով կը մտնենք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն: Մթնած է արդէն, սակայն առաւօտ է հոգիիս խորը, լուսաւոր է միտքս, կը շողշողայ էութիւնս ամբողջ… Ճիշդ է, իրական է, հերոսներ ծնած եւ հերոսներով յարութիւն առած հողին վրայ ենք, Կարօ Քեպապճեանը հանդարտ է ու հանգիստ, նոյնիսկ` լուռ ու խաղաղ… Կարծես ինքնաշարժին անիւները սովորականէն աւելի արագ կը սահին` ինծի արգիլելով պէտք եղած մանրամասնութեամբ դիտելու իւրաքանչիւր պատկեր, հաղորդակից ըլլալու ամէն մէկ երեւոյթի: Հակառակ գիշերային ցուրտին, կը բանամ պատուհանը, գլուխս դուրս կը հանեմ ու կը շնչեմ արցախեան թանկագին ու բիւրեղ օդը, կը հոտուըտամ խիզախութիւնը մեր ազատամարտիկներուն, կը փորձեմ լսել ռմբակոծումները ընդդէմ թշնամիին, կ՛ուզեմ դիպչիլ այն հողին, որ ծծեց քրտինքը դէպի մահ վազող մարտնչողներուն, խմեց արցունքը նահատակ տուած մայրերուն, ըմպեց արիւնը իր ազատագրման համար զոհուած հերոսներուն:
Կարծես դուրս եկած եմ ժամանակէն ու զարկ տալով երեւակայութեանս կը փորձեմ այդ ուղիներուն վրայ վերաբեմադրել այն դէպքերը, որոնց մասին յաճախ կարդացած եմ, տեսնել այն դէմքերը, որոնք նկարներու ճամբով եւ իրենց նկարագիրին բերումով դարձած են սիրելիներ, կը տենչամ հանդիպիլ ու ծնրադրել դիմացը այն մայրերուն, որոնք իրենց զաւակները հալալ ըրած են հայրենիքին ու իրենք եւս պայքարած` այդ հողին համար:
«ՇՈՒՇԻ»…
Ժամանակուան մէջ ճամբորդութիւնս կանգ կ՛առնէ ու կը վերադառնամ ներկայ… Տարիներ շարունակ միայն նկարով տեսած եւ ՇՈՒՇԻ գրութիւնը կրող սիւնը զիս կը վերադարձնէ իրականութեան: Տարիներ շարունակ Շուշիի վերաբերող գրութիւններուն եւ յօդուածներուն այս նկարը կցած ատենս երբեք չէի երեւակայած, որ պիտի գար այս պահը, երբ աչքերս հանգչէին այս սիւնին վրայ:
– Շուշին դրախտային վայր է,- չեմ գիտեր` ինչո՛ւ յանկարծ կը խօսի բաւական ատենէ լուռ Կարօ Քեպապճեանը` կարծես զգալով հիացումս եւ յուզումս…
Ու դարձեալ կը յիշեմ ու լիովին կ՛ապրիմ իսկութիւնը այդ նախադասութեան. «Աչքերովդ պէտք է տեսնես, որպէսզի հաւատաս»: Խօսքերը, պատումները, վկայութիւնները, ժապաւէնները, ընթերցումները բոլոր մէկ վայրկեանի մէջ փուլ կու գան այն պահուն, երբ աչքերովդ կը տեսնես, թոքերովդ կը շնչես, էութեամբդ կը յուզուիս, սրտովդ կը պաշտես, մտքովդ կը հպարտանաս ու կը սաւառնիս…
ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ