Հոլիուտի Մէջ Աւարտին Հասաւ Հայկական ֆիլմերու “Արփա” Ֆիլմերու Փառատօնը (տեսանիւթ)

Հոլիուտեան “Արփա” ֆիլմի փառատօնը այս տարի հանդիսատեսին ներկայացուց 50 ֆիլմ 16 երկրէ: Տարբեր ժանրերու ստեղծագործութիւնները երեք օր ցուցադրուեցան Հոլիուտի եգիպտական թատրոնէն ներս: Հայ եւ օտար հանդիսատեսի գնահատմամբ` “Արփա”-ի ֆիլմերը կը տաբերին ազատ մտածողութեամբ, նոր եւ համարձակ ըսելիքով:

Փառատօնը բացուեցաւ Հայաստանէն ներկայացուած երկու ստեղծագործութեամբ` Կարէն Խոսրովեանի կարճամետրաժ “Կատատոնիա” եւ Ջիւան Աւետիսեանի գեղարուեստական “Թեւանիկ” ֆիլմերով: “Կատատոնիա”-ի երիտասարդ հեղինակները կ’ակնկալեն, որ “Արփա”-ի ժամանակ ֆիլմի ցուցադրութիւնը նոր հարթակներ պիտի բերէ իրենց:

Մանրամասնութիւնները` “Առաջին ալիք”-ի պատրաստած տեսանիւթի մէջ։

Scroll Up