Բրիտանիոյ Գահաժառանգ Չարլզ Իշխանը Լոնտոնի Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ Դատապարտած Է Տէր Զօրի Եկեղեցւոյ Պայթեցումը

Լոնտոնի Սուրբ Եղիշէ հայկական եկեղեցի կատարած այցի ընթացքին Մեծ Բրիտանիոյ արքայազն Չարլզը դատապարտած է Տէր Զօրի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի աւերումը, կը հաղորդէ asbarez.com-ը:

Սուրբ Եղիշէ եկեղեցի արքայազն Չարլզի այցը ուղղուած եղած է Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու, ինչպէս նաեւ` հայկական համայնքներու հետապնդումներուն մասին միջազգային հանրութեան իրազեկման բարձրացման:

«Իսկապէս ցաւալի է լսել քրիստոնեաներու եւ անոնց եկեղեցիներու վրայ յարձակումներուն մասին, ինչպէս աւելի առաջ այս տարի Տէր Զօրի մէջ հայկական եկեղեցւոյ անիմաստ ու վայրագ աւերումն էր»,- ըսած է արքայազն Չարլզը:

Ան, այնուհետեւ, իր գովասանքի խօսքերը յղած է  դժբախտութեան դէմ ոտքի կանգնող տառապեալներուն: «Ես կը հիանամ մեր բոլորին համար հաւատքի օրինակ ծառայող նման բարբարոսական յարձակման տակ գտնուող ձեր համայնքի հաւատքով եւ քաջութեամբ»,- ըսած է ան:

Սուրիոյ Տէյր էլ Զօր (կամ Տէր Զօր) քաղաքի Սրբոց նահատակաց հայկական եկեղեցին վերջերս  պայթեցուած է «իսլամական պետութիւն» խմբաւորման ահաբեկիչներուն կողմէն, այն գրեթէ ամբողջութեամբ վնասուած է:

1991թ.-ին կառուցուած այս եկեղեցի-յուշահամալիրին մէջ  ամփոփուած են Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին Տէյր էլ Զօրի անապատներուն մէջ զոհուած բազմաթիւ հայերու մասունքները, իսկ ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ Հայոց Մեծ եղեռնը հաւաստող բազմաթիւ վաւերագրեր կան:

Scroll Up