Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանը Հետեւողական Կ՛աշխատի Սիսի Նստավայրը Վերադարձնելու Հարցով

Սիսի կաթողիկոսական նստավայրը եւ յարակից հայկական կալուածները ետ վերադարձնելու հարցը կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ուշադրութեան կեդրոնին, եւ Անթիլիասը հետեւողական ջանք ու աշխատանք կը տանի այդ հարցին մէջ յաջողութեան հասնելու համար: Զուիցերիա կատարած հովուապետական այցի ժամանակ կաթողիկոսը զրուցած է լրագրողներու հետ եւ շեշտած, որ ներկայ դրութեամբ փաստաբաններու խումբը կ՛ուսումնասիրէ հարցը, որպէսզի ըստ պատշաճի կաթողիկոսարանը դիմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան:

“Պէտք է նշեմ, որ իրաւական դաշտը այնքան ալ դիւրին չէ, այնքան ալ նպաստաւոր չէ մեր ժողովուրդի համար, սակայն պէտք է հաւաքական ճիգ գործադրել այդ ուղղութեամբ: Բոլոր գործընթացները պէտք է ճշդեն, որպէսզի մեր եկեղեցապատկան, ազգապատկան կալուածքները վերադարձնենք մեր ժողովուրդին, մեր եկեղեցիին”,- “Արմէնփրես”-ի հաղորդումով` ըսած է Արամ Ա. կաթողիկոսը:

Սեպտեմբեր 10-ին Երեւանի մէջ կայացած Հայրենիք-Սփիւռք հինգերորդ համաժողովի ժամանակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. ըսաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը այս տարի պիտի դիմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան` Կիլիկիոյ պատմական հայկական թագաւորութեան տարածքին գտնուող Սիսի նստավայրը եւ կալուածքները վերադարձնելու պահանջով:

“Մենք Սահմանադրական դատարանէն պիտի պահանջենք մեզի վերադարձնել մեր կալուածքները, իսկ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանի կողմէ դիմումի մերժման պարագային պիտի դիմենք Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան եւ մինչեւ վերջ պիտի պայքարինք մեր նպատակին հասնելու համար”,- ըսած է Արամ Ա. -ը:

Scroll Up