Սուրիական Օրագրութիւն ԿԱ. Լալա Մինասեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/11/lala-minassian.jpg)
Գիտցէ՛ք, քնում են գետերն ու քամին,
Սակայն չի քնում երբեք թշնամին…
Աւ. Իսահակեան
Վստահաբար իմացաք, որ հայազգի գրող-լրագրող մը ընտրուեցաւ Թուրքիոյ վարչապետին առաջին խորհրդատու: Կարծողներ ալ եղան, թէ պէտք է հրճուինք, հպարտանանք, երախտագիտութեամբ ալ լեցուինք նման «պատուաւոր» դիրքի մը արժանացած հայու մը հաշւոյն, նման «շնորհի» համար: Չե՞նք աճապարեր արդեօք հայու նման միամտութեան պարագային:
Առանց դոյզն կասկած ունենալու հայրենակիցիս արժանիքներուն, խելքին ու իմացականութեան` միտքս անմիջապէս կ՛երթայ երկու թռչուն մէկ քարով որսալու թուրքի խորամանկութեան: Ինչպէս միշտ` հայուն տաղանդը իր շահերուն պիտի ծառայեցնէ (վստա՜հ` անոր հաւատարմութեան…): Ապա` փոշի պիտի փչէ դիւրահաւատ հայերուս ու նաեւ Եւրոպայի աչքերուն, թէ` տեսէ՛ք, ոչ մէկ խտրութիւն ունիմ հայերուն հանդէպ: Տեղեակ չեմ (թէեւ վստահ եմ), թէ իր նորընտիր խորհրդատուի հայրենաթափութեան հարիւրամեակին ընդառաջ ուրիշ ի՞նչ լարախաղացութիւններ ու խարդաւանքներ կը խորհի, սակայն բոլորիդ հետ միասին գիտեմ, թէ իր ձիրքերն ու խելքը թուրքի մարդացումին ու զարգացումին ծառայեցընող առաջին հայը չէ:
Իբրեւ թէ ծրագրուած է անոր միջոցով յառաջ տանիլ հայ-թրքական յարաբերութիւններու յղկումին գործը, այսինքն` ինչ որ կ՛ուզէր ընել լուսահոգի Հրանդ Տինք: Եւ սակայն… գիտենք Հրանդին վախճանը, ինչպէս որ չենք մոռցած նաեւ թուրք ազգին ու պետականութեան մեծ ծառայութիւններ մատուցած, թրքական խորհրդարանի երեսփոխան, մեծաքանքար Գրիգոր Զօհրապին ու միւս լուսաւորիչներուն վախճանը, որոնք Թուրքիոյ խաւարը լուսաւորել կ՛երազէին…
Ենթակայի մասին գրեթէ ոչինչ գիտեմ, սակայն խոստովանին՛ք, որ այդ երկրին քաղաքացին ըլլալով, հաւանաբար կարելի չէր մերժել եւ կամ` թերեւս ան դրական առաքելութիւն մը ունի կատարելիք: Կարելի չէ վերջնագիր կարծիք ունենալ: Ամէն պարագայի ստանձնածը դիւրին դեր չէ իրաւ հայու մը համար` երբ մէկ կողմ հոգիդ է, միւս կողմ` ի պաշտօնէ պարտականութիւնդ, որ կրնայ բնաւ հաշտ չըլլալ հոգւոյդ հետ:
Դրացի ազգին հետ յարաբերութիւններ շտկելու սիրոյն անհրաժեշտ զիջումներու երթալու պատրա՞ստ է Թուրքիան, թէ՞ դարձեալ ու անվերջ մեզմէ կը սպասէ զայն: Թէ՞ «Հայե՛ր, մոռցէ՛ք անցեալը ու մեր միջեւ եղած «անհարթութիւնները» շտկելը պատմաբաններուն ձգեցէք» մտայնութիւնը մէկ այլ բաւիղ կը մտցնէ: Ժամանակը կը ցուցնէ:
Բնաւ պիտի չուզէի արիւնակիցիս դերին մէջ գտնուիլ…
***
Կարծես թէ ներքին խմորումներ կան, ու ա՛լ պիտի հասուննան, լրումին հասնին այս նողկալի պատերազմը ու անոր ծանր բեռը կրող այս երկրին տառապանքները: Կը խօսուի, թէ պաղ հով անցեր է Ամերիկայի ու իր ձեռնասուն Թուրքիոյ միջեւ: Ոմանք նոյնիսկ կ՛ենթադրեն, թէ ան լուսանցքէն դուրս պիտի նետուի կամ չարաչար պիտի պատժուի, իր ստանձնած պարտականութիւնը լիովին չիրագործելու համար (դեռ ինչե՜ր պիտի ընէր): Չէ՞ որ ձախողութեան պարագային միշտ քաւութեան նոխազ պէտք է: Այսպէս կարծողներ կան: Ես, որ հեռու եմ քաղաքականութիւն հասկնալէ, գիտեմ սակայն, թէ Թուրքիան միշտ ալ վերջին վայրկեանին աղտոտ ջուրէն մաքուր ելլելու ու քուրքը թօթուելու խորամանկութիւնը ունի կամ` իր բախտը կ՛օգնէ, որպէսզի կատուի պէս միշտ ալ ոտքերուն վրայ իջնէ ու ոչ` կռնակին: Թէ ան ինչպէս կ՛իյնայ` երկրորդական է (կարեւոր է իյնալը), առաջնայինը Սուրիոյ ազատագրումն է մարդակերպ հրէշներու ներկայութենէն ու ամերիկեան երազէն:
Եւ այսպէս` կրկին ու դարձեալ յոյսեր կան բանակի յառաջիկայ վըճռական գործողութիւններու ու Հալէպը ազատագրելու մասին: Կը մնայ յուսալ ու տոկալ:
Շատեր մեծ յոյսեր կը կապեն Իրանին հետ, փոխադարձ շահեր թուելով: Հաւանաբար հիմքեր ունին: Մինչդեռ ես, իբրեւ մարդու մէջ մարդկայինը երազող` չեմ ուզեր խորհիլ միայն շահախնդրութեան վրայ, այլ կ՛ուզեմ հաւատալ, թէ մարդիկ ալ կան այս երկրագունդին վրայ, որոնք անդրադարձան ի վերջոյ այս երկրի աւերակումին ու այս ժողովուրդի գողգոթային եւ օգնութեան ձեռք կ՛երկարեն… Մանաւանդ կ՛ուզեմ հաւատալ, թէ արեւը միշտ ալ Արեւելքէն կը ծագի…
Անգամի մը համար եւս հաւատանք, բարեկամնե՛ր, քանի որ տոկալու համար հաւատքն է անսասան խարիսխ. հաւատա՛նք, չէ՞ որ մեր հնամեայ քաղաքը` Հալէպ օրհնըւա՜ծ է…
***
Ժամ ժամ զիմ ղարիպութիւնս ես յիշեմ եւ նստիմ ու լամ.
Ճապղեր եմ ջրի նման, ի յօտար երկիր կու գնամ.
Աստուած գիտէ այն ճամբան, ուր կ՛երթամ կամ ուր տի մնամ…
Նահապետ Քուչակ
….Բայց դեռ կը հոսի՞ս արդեօք, ո՜վ հայրենի աղբիւր,
Այնչափ յստակ, որչափ էր Արշալոյսն իմ անցեալիս,
Դեռ վճի՞տ են արդեօք սա ջուրերդ հին օրերու,
Եւ քու ձայնդ դեռ ե՞րգ մըն է, թէ աղաղակ վրէժի…
Սիամանթօ
Ողջերթ… գեղեցիկ ու նոյն ատեն տխուր բառ: Գեղեցիկ, քանի որ հայերէն է իր երգը, տխուր, քանի որ իր մէջ հրաժեշտի նուագ ունի, մանաւանդ` այսօր, մեր պարագային` գաղթի կամ պանդխտութեան յուշումը:
Ողջերթ, որ մնացողներս կը մաղթենք մեր օրէցօր աւելի ու աւելի նօսրացող շարքերէն հեռացող ընկերոջ, բարեկամի, հարազատի, սիրելիի:
Ողջերթ կը մաղթենք` զուարթ երեւոյթի տակ ծածուկ պահած մեր թախիծը, քանի որ կը ճամբենք մէկը մեզմէ, ով, գիտենք, շատերու պէս կը հեռանայ ակամայ, ստիպումի մը տակ, իր տարագիր սիրելիներուն միանալու, ամբողջացնելու համար բազմակի գաղթական հայու պատկերը: Կը հեռանայ հակասական տրամադրութիւններու մէջ` ընդառաջ երթալով տարիներու կարօտներուն ու նոյն ատեն` հոգւոյն մաս մը ձգելով հոս, ափսոսանք ունենալով ետին մնացող իր ծննդավայրի, հարազատ միջավայրի, ցաւը` մանկութեան ու երիտասարդութեան յախուռն տարիներու յիշատակները պահող վայրերու ու կեանք մը ամբողջ իր անսակարկ ծառայութեան դաշտը եղած գաղութը լքուելուն:
Հրաժեշտի ու ողջերթի բարեմաղթանքներ ընելով` մեզմէ իւրաքանչիւրի մտքին մէջ կայ անկասկած մեր ալ անորոշ ապագայի մշուշոտ ու թախծոտ հեռանկարը, նաեւ` երազանքը, որ Ակնայ ազնըւական հայու այս շառաւիղը գաղթէր ոչ թէ անդրովկիանոսեան երկիրը, ուր բնաւ պիտի չյագենայ իր հայրենակարօտ հոգւոյն ծարաւը, այլ որ մենք հրաշքով մը կարենայինք զինք, իբրեւ պանդխտութենէ վերադարձող մը` ցնծութեան ողջերթով մը ղրկել իր պապերուն օրրանը` մեր երգի քաղցր ակունքներէն մին` չքնաղ Ակն…
Բարո՛վ երթաս, վերջէն գտած, բայց հին բարեկա՛մ, չեմ վիճիր քեզի հետ, Ակնեղբա՛յր, չեմ բաղդատեր Լոռիս Ակնիդ հետ: Կ՛ընդունիմ, թէ առաւել չքնաղ ու հանճարածին էր քու ու մեր ամէնուս Ակնը, կ՛ընդունիմ, քանի որ… ի վերջոյ Լոռին կենդանի ու շօշափելի իրականութիւն է, մինչ Մեծարենցին ու Սիամանթոյին Ակնը` պատրա՜նք, անո՜ւրջ, երազա՜նք: Իսկ չէ՞ որ առաւել շքեղ ու տենչալի է երազը…