Մանկավարժական Միօրեայ Սեմինար «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Կեդրոնին Մէջ

Շաբաթ, 15 Նոյեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-2:00  «Գարակէօզեան» հաստատութեան կեդրոնական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մանկավարժական միօրեայ սեմինար` կազմակերպութեամբ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող մանկավարժական կեդրոնին, որ կը գործէ 2013 թուականէն սկսեալ: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը:

Այս կեդրոնին հիմնական նպատակն է նեցուկ կանգնիլ, օգնել եւ մասնագիտական ուղղութիւններ տալ այն հայ աշակերտներուն, որոնք ուսումնական սկզբնական շրջաններուն լեզուական, հաղորդակցական, վերաբերմունքի եւ սորվելու դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, որպէսզի կարենան յաղթահարել այս մարտահրաւէրները, ինքնաբաւ դառնալ եւ լիովին օգտագործելով իրենց կարողականութիւնը` հասնին բարձրագոյն ուսման:

Հաստատութիւնը այս կեդրոնին մէջ կը տրամադրէ ուղղախօսութեան (Speech theraphist), ուղղավարժութեան (Special educator), հոգեշարժի (Psychomotor therapist), հոգեբանութեան (Psychotherapist), վարքագծային բարեփոխումի (Behavioral theraphy), խորհրդատուութեան, ծնողական ցուցմունքներու եւ իրազեկումներու գնահատման եւ միջամտութեան յատուկ ծառայութիւններ:

Նկատի ունենալով, որ յատկապէս վերջին տարիներուն դպրոցներուն մէջ մեծ թիւով աշակերտներ դժուարութիւններ կ՛ունենան յաղթահարելու իրենց դժուարութիւնները ու ինքնաբաւ դառնալ, հետեւաբար «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէնութիւնը կազմակերպեց երկօրեայ սեմինար մը` «Մանուկներ, որոնք ունին ուսումնական դժուարութիւններ եւ վարքագծային մարտահրաւէրներ» խորագիրով, որ տեղի կ’ունենայ երկու յաջորդական շաբաթներու վրայ` շաբաթ 15 եւ 29  նոյեմբեր 2014-ին եւ հրաւիրեց Լիբանանի տարածքին գտնուող 24 հայկական վարժարաններու տնօրէններն ու մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի պատասխանատուները, որպէսզի միասնաբար լսեն մասնագէտներուն ցուցմունքները, քննարկեն հարցերը եւ համապատասխան լուծումներ գտնեն յօգուտ հայ աշակերտի ուսման բարելաւման:

Այս սեմինարի առաջին հանգրուանին, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 15 նոյեմբեր 2014-ին, կեդրոնի պատասխանատուներուն եւ աշխատակազմին կողքին ներկայ գտնուեցան նաեւ հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանը, Pontifical mission-ի պատասխանատու Մարլեն Քոսթանթինը, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի (4), Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի (3), Ազգային Ս. Խանամիրեան վարժարանի (2), Ազգային Աբգարեան վարժարանի (4), Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի (2), Ազգային Ռուբինեան վարժարանի (2), Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի (2), Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Հարպոյեան վարժարանի (9), Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարանի (4), Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի (3), Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի (3), Հայ կաթողիկէ Մխիթարեան վարժարանի (4), ՀԲԸՄ-ի Նազարեան(5), ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Կարմիրեան վարժարանի(4), Հայ աւետարանական բարձրագոյն վարժարանի(5), Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի(3), Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարանի (2), Հայ աւետարանական Կերթմէնեան վարժարանի (2), Այնճարի Հայ անարատ յղութեան քոյրերու վարժարանի (3), Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարանի (2), «Զուարթնոց» կեդրոնի (1), Վահան Թէքէեան վարժարան (4) եւ Ազգային առաջնորդարանի ուսումնական խորհուրդի տնօրէնները, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի պատասխանատուներն ու ընկերային ծառայողները` 82 հոգի:

Սեմինարի բացման խօսքը արտասանեց հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանը, որ յայտնեց, թէ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը` որպէս մանկախնամ կեդրոն, իր ուշադրութեան եւ կեդրոնացման հիմնական առարկան դարձուցած է մանուկը անոր մարմնական, մտային եւ հոգեկան երեսներով: Ս. Օհանեան ըսաւ.  «Որպէս մանկախնամ հաստատութիւն` մեր առաքելութիւնն է տեսնել հայ մանուկը առողջ եւ ուրախ. հետեւաբար մենք մեր կարելին պիտի ընենք եւ  աջակցութեան ձեռք երկարենք ու հասնինք հայ մանուկին ոչ միայն մեր  կեդրոնին մէջ, այլ նաեւ` դպրոցներուն մէջ, որպէսզի վարժարաններու տնօրէններու եւ պատասխանատուներու գործակցութեամբ կարենանք մղել մեր աշակերտները, որպէսզի իրենց լաւագոյնը տան կրթական համակարգէն ներս»: Ան նաեւ շեշտեց ներառական կրթութեան կարեւորութիւնը հայկական վարժարաններուն մէջ:

Խօսք առաւ Pontifical mission-ի պատասխանատուներէն Մարլեն Քոսթանթինը: Առաջին հերթին ան ներկաներուն հակիրճ կերպով ներկայացուց Pontifical mission-ի պատմականն ու անոր առաքելութիւն, ապա բարձրօրէն գնահատեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան տարած անխոնջ աշխատանքները յատկապէս մանուկներու աշխարհէն ներս եւ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ աշխատանքներուն:

Կեդրոնի պատասխանատու Յասմիկ Տօնոյեան-Նալպանտեան փաուըրփոյնթի վրայ ներկայացուց տուեալ ծրագիրին նպատակն ու աշխատելաձեւը, ապա հերթաբար հրաւիրեց կեդրոնին մէջ գործող աշխատակազմը, որպէսզի իւրաքանչիւրը զեկուցէ իր մասնագիտութեան մասին:

Առաջին զեկուցաբերն էր հոգեբան Նաթալի Տէր Սահակեանը, որ զեկուցեց «Մանուկները հոգեբանական եւ ուսումնական դժուարութիւններով» նիւթին մասին:

Կարճ դադարէ մը ետք խօսք առին երկրորդ եւ երրորդ զեկուցաբերները` ուղղախօսութեան մասնագէտ  Շաղիկ Կոկոնեանն ու Ճենիֆըր Ապեթեանը, որոնք խօսեցան «Խօսքի եւ լեզուի խանգարումներ» նիւթին մասին:

Չորրորդ զեկուցաբերն էր հոգեշարժ  Նաթալի Աւեսեանը, որ խօսեցաւ «Հոգեշարժման միջամտութեան ոլորտները» նիւթին մասին:

Ճաշի դադարէն ետք խօսք առաւ հինգերորդ զեկուցաբերը`  ուղղավարժ Մարիա Պիլեմճեանը, որ խօսեցաւ սորվելու դժուարութիւններուն մասին:

Սեմինարի աւարտին ներկաներուն բաժնուեցան յատուկ հարցաթերթիկներ, որպէսզի արժեւորեն տուեալ սեմինարին ներկայացուած նիւթերը:

Սեմինարի երկրորդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 29 Նոյեմբեր 2014-ին:

Scroll Up